Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Գլխաւոր Դատախազը Չի Բացառեր Քրէական Գործերու Առումով Քննարկումներու Իրականացումը

Գլխաւոր Դատախազը Չի Բացառեր Քրէական Գործերու Առումով Քննարկումներու Իրականացումը

by MassisPost

ՀՀ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանը նկատած է, որ Հայաստանի մէջ իրադրութեան փոփոխութեան որպէս արդիւնք կան դատական վարոյթէն   ներս գտնուող քրէական գործեր, որոնց համար կրնան կանգ առնել եւ իրողութեան փոփոխութեան քննարկում իրականացնել: Արթուր Դաւթեանը նման յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ Ազգային ժողովին 2017 թ. դատախազութեան գործունէութեան հաղորդման քննարկման ժամանակ՝ պատասխանելով «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Ալէն Սիմոնեանի հարցին: «Սակայն մենք պէտք է ունենանք համապատասխան անձի վարքագիծ, որը կը վկայէ, որ իրադրութեան փոփոխութիւնը բերել է հանրութեան համար նրա եւ նրա կատարած արարքի վտանգաւորութեան փոփոխութեան»,- «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ՝ ընդգծած է Դաւթեանը:

Ան յայտարարած է, որ իրաւապաշտպաններու հետ կրնան քննարկել, հասկնալ, թէ  ստեղծուած իրադրութեան փոփոխման պայմաններու մէջ ինչպիսի՞ իրաւակարգաւորումներու տիրոյթին մէջ ո՞ր խնդիրները կրնան նոր լուծումներ ունենալ:  «Ի հարկէ, մենք առաջիկայում ինքներս որոշակի այդպիսի քննարկումներ կը նախաձեռնենք»,- ըսած է ան:

Ալէն Սիմոնեանը խնդրեց ՀՀ գլխաւոր դատախազէն մանրամասնել, թէ ի՞նչ նկատի ունի, երբ կ’ըսէ, որ իրադրութիւնը փոխուած է, քանի որ անհասկանալի է, թէ իրադրութեան փոփոխութիւնը ի՞նչ կապ կրնայ ունենալ յարուցուած քրէական գործերու հետ: Արթուր Դաւթեանը մանրամասնած է, որ կան քրէական գործեր, որոնցմով անցնող  մարդիկ կը նախապատրաստէին զանգուածային անկարգութիւններ իրականացնել, պետութեան կը ներկայացնէին պահանջներ, դատական նիստերու ընթացքին զինուած գործողութիւնները շարունակելու կոչեր կը հնչեցնէին՝ անձնաւորելով  պաշտօնատար անձերու: «Մենք այսօր չունենք այդ պաշտօնատար անձանց: Եւ սա չի՞ վկայում, արդեօք, որ այդ անձանց յետագայ վարքագծի առումով մենք իրավիճակի փոփոխութիւն ունենք: Սակայն այստեղ շատ կարեւոր է, որ դրա արդիւնքում կոնկրետ անձի եւ նրա կատարած արարքի վտանգաւորութիւնը հանրութեան համար նուազի»,- եզրափակած է Արթուր Դաւթեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment