Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Քաղբանտարկեալներու Ազատ Արձակման Գործընթացը Սկսած Է

Քաղբանտարկեալներու Ազատ Արձակման Գործընթացը Սկսած Է

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որ մասնակցած է    «Այ. Թի.» (Ինֆորմացիոն տեխնոլոգիաներու ձեռնարկութիւններու միութեան) համագումարին, պատասխանած է լրագրողներու  հարցերուն։

Լրագրողներէն մէկու հարցումին, թէ արդեօ՞ք քննարկուած են իր հետ Երեւանի քաղաքապետարանի «Ելք» խմբակցութեան անդամ Ալէն Սիմոնեանի՝ պատգամաւորի մանդատը  դնելու եւ անոր՝ քաղաքապետ ըլլալու հարցերը, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է, որ այդ թեմայով որեւէ մեկնաբանութիւն չի տար։

Յետոյ ան լրագրողներու նոյն հարցի հետ կապուած հարցերուն պատասխանած է․ «Ինձ հետ Ալէն Սիմոնեանը չի քննարկել մանդատը դնելու իր որոշումը»:

Դիտարկման, թէ Ալէն Սիմոնեանի այդ քայլը մեկնաբանուեցաւ որպէս քաղաքապետի պաշտօնին առաջադրուելու ուղղուած քայլ, վարչապետը պատասխանեց․ «Քանի որ նա ինձ հետ չի համաձայնեցրել իր որոշումը, լաւ կը լինի, որ ինքը մեկնաբանի իր քայլը»:
Անդրադառնալով «Հիմնադիր խորհրդարանի» անդամ Ժիրայր Սեֆիլեանի նամակին, որուն մէջ ան նշած էր՝ «քաղբանտարկեալներին ազատ չարձակելը յղի է վտանգներով», Նիկոլ Փաշինեանը նշած է․ «Քաղբանտարկեալներու ազատ արձակման գործընթացն արդէն սկսուել է, եւ դա շարունակւում է: Մենք պէտք է յստակ արձանագրենք մի բան, որ չի կարելի բռնութեան սպառնալիքներով, բռնութեան սպառնալիքների ակնարկներով խօսել ժողովրդի հետ: Ես յոյս ունեմ, որ մենք բոլորս հասկանում ենք, որ եթէ արձանագրուել է քաղաքական իրադրութեան փոփոխութիւն, այդ փոփոխութիւնը պէտք է արձանագրուի բոլորի պահուածքում, որպէսզի մենք կարողանանք սիրոյ եւ համերաշխութեան տրամաբանութիւնը շարունակել մինչեւ վերջ»։

Թէ արդեօ՞ք ինքը «ձեռքերը լուացել է» «Սասնա ծռերու» խնդիրէն, Նիկոլ Փաշինեանը պատասխանած է․ «Նախ պէտք է ճշդել, թէ ինչ է նշանակում ձեռքերը լուանալ: Եթէ խօսքն այն մասին է, որ ես ասել եմ, որ չեմ պատրաստւում դատաւորներին հրահանգ տալ, ես հաստատում եմ իր դիրքորոշումը»:

Ան նշած է, որ եթէ անհնազանդութեան բողոքները կ’ընեն յեղափոխութեան անունով, ապա պէտք է դադարեցնեն, որովհետեւ կառավարութիւնը նաեւ իրենցն է: «Իսկ եթէ դա արւում է Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդի վստահութիւնը վայելող կառավարութեան նկատմամբ, նշանակում է սաբոթաժ (խափանարարութիւն) ընել Հայաստանի ժողովուրդի նկատմամբ: Սիրոյ եւ համերաշխութեան յեղափոխութիւնը թուլութիւն անուանելը վտանգաւոր մօտեցում

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment