Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Աճէմօղլուն Երեւան Պիտի Այցելէ «Առաջին Հնարաւորութեան Պարագային»

Աճէմօղլուն Երեւան Պիտի Այցելէ «Առաջին Հնարաւորութեան Պարագային»

by MassisPost

Հայազգի աշխարհահռչակ տնտեսագէտ Տարօն  Աճէմօղլուն լիայոյս է Հայաստանի ապագայով, սակայն կ’ընդունի, որ հեշտ պիտի չըլլայ:

Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ակօս» պարբերականի հետ զրոյցին, Աճեմօղլուն անդրադարձած է Հայաստանի նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաւէրին՝ նշելով, որ առաջին հնարաւորութեան պիտի այցելէ Երեւան:

Խօսելով Հայաստանի տնտեսութեան վիճակի մասին՝ տնտեսագէտը կարծիք  յայտնած է, թէ երկրի տնտեսութիւնը մեծապէս տուժած է փտածութեան վրայ հիմնուած քաղաքական համակարգէն:

Ան նշած է, որ փտած համակարգը արմատախիլ ընելու բարդ գործընթացը «հնարաւոր կ’ըլլայ միայն բազմակողմանի մօտեցմամբ, ինչպէս նաեւ լաւ կրթութիւն ստացած, իտէալիստ ու նոր անձանց քաղաքականութեան դաշտ մտնելու ճանապարհով»:

Աճեմօղլուն պատմած է նաեւ, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը զանգած ու հարցուցած է, թէ արդեօ՞ք կը փափաքի օգնել:

«Ըսի չեմ գիտեր, թէ ինչպէս եւ որքանով կրնամ օգնել որպէս երկրէն դուրս գտնուող մէկը, բայց ուրախ կ’ըլլամ, եթէ ջանքեր ներդնեմ այդ գործին մէջ», – ըսած է անուանի տնտեսագէտը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment