Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արդարադատութեան Նախարարութիւն. Պիտի Ստեղծուի Փտածութեան Դէմ Պայքարի Նոր Մարմին

Արդարադատութեան Նախարարութիւն. Պիտի Ստեղծուի Փտածութեան Դէմ Պայքարի Նոր Մարմին

by MassisPost

«Կոռուպցիա (փտածութիւն) դէմ պայքարը թեւակոխում է առաւել վճռական ու թիրախաւորուած փուլ»,- յայտարարած է Արդարադատութեան նորանշանակ նախարար Արտակ Զէյնալեանը, աւելցնելով, որ շուտով փտածութեան դէմ պայքարող նոր մարմին պիտի ստեղծուի:

Նախարարը փոխանցած է, որ փտածութեան դէմ պայքարի համար, ըստ էութեան, աննախադէպ լիազօրութիւններով օժտուած նոր մարմինի հայեցակարգը դեռ մշակման փուլի մէջ է, եւ աւելցուցած է, որ աշխատանքներուն պիտի ապահովուի քաղաքացիական հանրութեան լայն ներգրաւում․ – «Առանցքային ուշադրութեան է արժանանալու կոռուպցիոն դէպքերի բացայայտման ցուցանիշի բարելաւումը: Մենք պէտք է առաւելագոյն ջանքեր գործադրենք կոռուպցիան համատեղ ուժերով յաղթահարելու, կոռուպցիոն երեւոյթների դէպքում պատիժն անխուսափելի դարձնելու ուղղութեամբ»:

Հայաստանեան հասարակական կազմակերպութիւններու հակափտածութեան միութիւն համակարգող Կարէն Զատոյեանը ներկայացուցած է փտածութեան դէմ պայքարի իրենց տեսլականը: Օրինակ, կ’առաջարկուի փտածութեան հետեւանքով Հայաստանին պատճառուած վնասը փոխհատուցելու համար ներդնել երկրէն դուրս բերուած գումարներու վերադարձման համակարգ, որ կը հիմնուի քրէական ու քաղաքացիական դատավարութեան վրայ․ – «Ակտիւների վերադարձը չի նշանակում, որ ճշգրիտ թիրախաւորել ինչ-որ անձանց: Ակտիւների վերադարձը իրաւական գործընթաց է, պէտք է խուսափելի որեւէ վենդետաներից (վրէժխնդրութիւն), հաշուեյարդարներից: Դա պէտք է կատարուի իրաւական ընթացակարգերով, դատական ակտերի (պատիժ) միջոցով: Իսկ մնացածը արդէն քննութիւնը կը պարզէ ճշգրիտ անձանց շրջանակը»:

Փաշինեանի գլխաւորած կառավարութեան կազմակերպութիւնները կ’առաջարկեն նաեւ անպատժելիութեան մթնոլորտը վերացնելու նպատակով խորամուխ ըլլալ ապօրինի հարստացման դէպքերու բացայայտման մէջ, եւ մենաշնորհներու դէմ պայքարի համար հիմնել իրական սեփականատէրերու արձանագրութիւն, ինչպէս նաեւ իրականացնել Ընտրական ու Քրէական օրէնսգրքերու, «Կուսակցութիւններու մասին» օրէնքի հակափտածութեան բարեփոխում:

Հակափտածութեան բարեփոխումներու ու կառոյցներու ստեղծման մասին յայտարարած են Հանրապետական կուսակցութեան գլխաւորած բոլոր կառավարութիւնները, այդուհանդերձ, անոնց աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնը հակափտածութեան կազմակերպութիւններու կողմէ կասկածի տակ կ’առնուէին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment