Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահութիւնը մերժած է ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութիւնը» (HDP-ԺԴԿ) ներկայացնող պոլսահայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի՝ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը:
«Էրմենիհապեր»-ի փոխանցմամբ, օրէնքի նախագիծի մերժման մասին Փայլանին գրաւոր տեղեկացուցած է խորհրդարանի նախագահ Իսմայիլ Քահրամանը՝ որպէս մերժման հիմնաւորում նշելով, որ Փայլանի ներկայացուցած օրէնքի նախագիծը կը պարունակէ «կոպիտ եւ վիրաւորական խօսք»:
Ըստ Քահրամանի՝ օրէնքի նախագիծի անուանման եւ բնաբանի մէջ առկայ են մեղադրանքներ Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ թուրք ազգի պատմութեան եւ ազգի նկատմամբ, մասնաւորապէս, թուրք ազգը կը մեղադրուի ցեղասպանութիւն գործելու մէջ: Քահրամանը ընդգծած է, որ նման արտայայտութիւնները վիրաւորանք են երկրի հանդէպ եւ կը հակասեն ազգային գիտակցութեան ու պատմութեան:
Ազգային ժողովի նախագահը աւելցուցած է, որ նախագիծը վերադարձուած է պատգամաւորին անհրաժեշտ ուղղումներ կատարելու համար:
Փայլանը 20 Ապրիլ 2018-ին Թուրքիոյ խորհրդարանին ներկայացուցած էր «1915 եւ անկէ յետոյ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն ճանչնալու, մեղաւորներու անունները հասարակական վայրերէն հանելու եւ տուժողներուն Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն շնորհելու» մասին օրէնքի նախագիծը: