Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան-Սփիւռք Համագործակցութիւնը Այսուհետեւ Պիտի Դառնայ Շատ Աւելի Անկեղծ. Գրիգոր Խոտանեան

Հայաստան-Սփիւռք Համագործակցութիւնը Այսուհետեւ Պիտի Դառնայ Շատ Աւելի Անկեղծ. Գրիգոր Խոտանեան

by MassisPost

«Արեւելք»ի  հարցերուն կը պատասխանէ ՍԴՀԿ  Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմնի Ատենապետ  Տիար Գրիգոր Խոտանեանը:

 

-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի մէջ եղածը: Ձեր կարծիքով սպասելի էր նման  բան: 

-Բնականաբար ոչ մէկուս համար սպասելի չէր այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ, սակայն ըստ երեւոյթին ժողովուրդը այնքան ալ անտարբեր չէր եւ պատրաստ էր ոտքի կանգնելու երբ առիթը ներկայանար: Նիկոլ Փաշինեանը կարողացաւ ժողովուրդը ոտքի հանել շնորհիւ իր ղեկավարի կարողութիւններուն, իր համարձակ ելոյթներուն եւ նաեւ «քարիզմա»ին, որ գրաւիչ դարձաւ յատկապէս երիտասարդութեան: Եթէ Նիկոլը փողկապով ներկայանար ժողովուրդին թերեւս չկարողանար հասնիլ նոյն յաջողութեան:

 –Արդեօք պատահածը իրապէ՞ս «Թաւշեայ  յեղափոխութիւն» էր,  կա՞մ  տակաւին այլզարգացումներ կը սպասուին  Հայաստանի մէջ:

Յեղափոխութիւններուն կարելի է տալ ինչ անուն որ կ’ուզեն՝  թաւշեայ, խաղաղ, ժողովրդային անհնազանդութիւն եւայլն, այդ անունները կարեւոր չեն, կարեւորը արդիւնքն է: Միւս կողմէ թաւշեայ կամ խաղաղ յեղափոխութիւնը առիթ կու տայ հանրապետականներուն, որ շարունակեն իրենց հրապարակային գործունէութիւնը, փոխանակ երկրէն փախուստի դիմելու եւ կամ բանտերու մէջ յայտնուելու, ինչպէս որ սովորաբար կը պատահի յեղափոխութիւններու պարագային: Այս պայմաններու տակ անոնք կրնան իրենց խորհրդարանական մեծամասնութեան ապաւինելով շարունակել իրենց գործունէութիւնը եւ վարչապետին համար ստեղծել դժուարութիւններ, ապագային վերադարձի փորձ կատարելու յոյսով: Անշուշտ շատ բան կախեալ է այն հանգամանքէն, թէ ՀՀԿ-ն որքանով պիտի կարողանայ մնալ միատարր, սակայն այսօրուայ դրութեամբ, ըստ երեւոյթին անոնք կը կարողանան իրենց խորհրդարանական խմբակցութիւնը որոշ չափով պահել հսկողութեան տակ. թէ որքա՛ն կը տեւէ այդ մէկը, չենք գիտեր անշուշտ, եւ յուսանք հանրապետականները չեն կարողանար այսպէս շարունակել եւ այդ վտանգը եւս կը դադրի ի զօրու ըլլալէ:

 

Ամերիկահայութեան ստուար տոկոսը դրական գնահատականներ հնչեցուց եղած   դէպքերուն կապակցութեամբ, ի՞նչ է պատճառը ձեր կարծիքով:

Ինչ կը վերաբերի ամերիկահայութեան, պէտք է ըսել, որ հոկտեմբեր 27-ի դաւադրութենէն ասդին, այսինքն վերջին 20 տարիներուն ամերիկացիներու ստուար մէկ զանգուածը եղած է գործող իշխանութեան հակադրուող զանգուած եւ հոս պէտք է ըսեմ, որ գրեթէ բոլոր հատուածներով՝  ոմանք աւելի արմատական կեցուածք դրսեւորած են այս տարիներուն ընթացքին, ուրիշներ բաւարարուած են մեղմ քննադատութիւններով եւ մտահոգութիւններ յայտնելով, սակայն բոլոր կառոյցներու ղեկավարները կը գիտակցէին, որ Հայաստան  չի կրնար այսպէս շարունակուիլ՝ արտագաղթի եւ աղքատութեան այս պայմաններուն տակ, հետեւաբար երբ որ շարժումը թափ առաւ, ամերիկահայութիւնը չուշացաւ իր բարոյական աջակցութիւնը ցուցաբերելու Հայաստանի ժողովուրդին:

 

Ինչպիսի՞ ակնկալիքներ ունիք Նիկոլ Փաշինեանի առաջնորդութեամբ կազմուելիք  կառավարութենէն եւ ի՞նչ ձեւաչափով պէտք է ընթանայ Հայաստան-Սփիւռքհամագործակցութիւնը:

Բոլորի ակնկալութիւնները շատ մեծ են Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետութեան կապակցութեամբ եւ ակնկալութիւններուն մէջ կիյնայ նաեւ այն, որ ինք պիտի կարողանայ կազմել կառավարութիւն մը, որ առաջին օրէն լծուի ժողովուրդի դիմագրաւած դժուարութիւններու յաղթահարելու աշխատանքին եւ այդ պէտք է ըլլայ արագ ձեւով, առանց առիթ տալու, որ ժողովուրդը անգամ մը եւս յուսախաբ ըլլայ, քանի որ մեր հայրենիքը այնպիսի վիճակի մէջ է, որ այս օրուան միայն լաւատեսութիւնը պիտի կարողանայ մեզ յոյս ներշնչել ապագայի նկատմամբ:

Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութիւնը այսուհետեւ պիտի դառնայ շատ աւելի անկեղծ, քանի որ պէտք է ընդունիլ, որ անցեալին կար այդ յարաբերութիւնը, սակայն բոլորս ալ կը գիտակցէինք որ ձեւական բնոյթ ունի այդ, ոեւէ մէկը չէր ուզեր հայրենիքին երես դարձնել, գաղութները կը մասնակցէին Հայաստան-Սփիւռք համաժողովներուն, գրողներու կամ լրագրողներու այդ համագումարներուն, Սփիւռքի նախարարութեան հետ կը շարունակէին իրենց կապերը պահել, սակայն լաւատես չէին, այն ինչ որ կը կատարուէր այն տպաւորութիւնը կար որ միայն կը ծառայէր իշխանութիւններուն, իրենց դիրքերը ամրապնդելու նպատակով, հիմա շատ աւելի անկեղծ մօտեցումով յառաջ պիտի երթան այդ կապերը եւ սփիւռքահայութիւնը բաւական դրական տրամադրուած է, որպէսզի իր նիւթական տնտեսական եւ բարոյական աջակցութիւնը բերէ հայրենիքի վերազարթնումին, քանի որ այս յաղթանակը կը պատկանի բոլորին՝ սփիւռքին, Հայաստանին եւ նաեւ Արցախին, բոլորս պէտք է մեր լուման բերենք, որպէսզի յեղափոխութիւնը կամ այս դրական փոփոխութիւնը իսկապէս մեր հայրենիքը դնէ նոր ուղիի վրայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment