Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Շնորհաւորական Գիրը Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին

ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Շնորհաւորական Գիրը Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան Նորընտիր Վարչապետ` Նիկոլ Փաշինեանին,

Մեծարգոյ Պրն. Վարչապետ,

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ Համայն Հնչակեան ընտանիքին անունով կու գանք ձեզ սրտանց շնորհաւորելու` Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետի բարձր ու պատասխանատու պաշտօնին ընտրուելու բարեբաստիկ առիթով:

Համաժողովրդական շարժման յաղթանակը անտարակոյս կը պարտինք Ձեր անկոտրում կամքին ու անսահման լաւատեսութեան, որ համակեց ամբողջ հայութիւնը ու նամանաւանդ երիտասարդութիւնը, յոյս ու հաւատքը ներշնչելով հայրենիքի պայծառ ապագայի նկատմամբ:

Անշուշտ գիտակից ենք այն իրականութեան, որ տարիներով կուտակուած խնդիրներն ու մարտահրաւէրները մէկ օրէն միւսը չեն կրնար լուծուիլ, այլ  կը  պահանջեն հաստատակամութիւն, համբերութիւն եւ յարատեւութիւն: Սակայն վստահ ենք, որ այն ջանքն ու եռանդը, որ ներդրեցիք համաժողովրդական շարժման մէջ պիտի այժմ ծառայեցնէք ի խնդիր վաղուայ  իսկապէ’ս ազատ, անկախ ու ժողովրդավար Հայաստանի կերտման:

Կրկին կը շնորհաւորենք Ձեզ ու կը մաղթենք ոյժ, կորով եւ յաջողութիւն հետագայ Ձեր քայլերուն մէջ:

Ս.Դ.Հ.Կ Կեդրոնական Վարչութիւն
Մայիս 8, 2018

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment