Հայաստանի Հանրապետութեան Նորընտիր Վարչապետ` Նիկոլ Փաշինեանին,
Մեծարգոյ Պրն. Վարչապետ,
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ Համայն Հնչակեան ընտանիքին անունով կու գանք ձեզ սրտանց շնորհաւորելու` Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետի բարձր ու պատասխանատու պաշտօնին ընտրուելու բարեբաստիկ առիթով:
Համաժողովրդական շարժման յաղթանակը անտարակոյս կը պարտինք Ձեր անկոտրում կամքին ու անսահման լաւատեսութեան, որ համակեց ամբողջ հայութիւնը ու նամանաւանդ երիտասարդութիւնը, յոյս ու հաւատքը ներշնչելով հայրենիքի պայծառ ապագայի նկատմամբ:
Անշուշտ գիտակից ենք այն իրականութեան, որ տարիներով կուտակուած խնդիրներն ու մարտահրաւէրները մէկ օրէն միւսը չեն կրնար լուծուիլ, այլ կը պահանջեն հաստատակամութիւն, համբերութիւն եւ յարատեւութիւն: Սակայն վստահ ենք, որ այն ջանքն ու եռանդը, որ ներդրեցիք համաժողովրդական շարժման մէջ պիտի այժմ ծառայեցնէք ի խնդիր վաղուայ իսկապէ’ս ազատ, անկախ ու ժողովրդավար Հայաստանի կերտման:
Կրկին կը շնորհաւորենք Ձեզ ու կը մաղթենք ոյժ, կորով եւ յաջողութիւն հետագայ Ձեր քայլերուն մէջ:
Ս.Դ.Հ.Կ Կեդրոնական Վարչութիւն
Մայիս 8, 2018