Երեւանի ժամանակով 12:00-էն 13:00 համացանցի սփիւռքահայ օգտատէրերը իրականացուցած են «IT անհնազանդութիւն» բողոք, որու մասին իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ կոչեր հնչեցուցած էր «Իմ քայլը» շարժման կազմակերպիչներէն Արսէն Խառատեանը:
«Ուրեմն վաղը, Երեւանի ժամանակով ուղիղ 12:00-ին` կէսօրին, աշխարհի տարբեր ծայրերից համացանցի միջոցով պարզապէս մտնում ենք ՀՀ կառավարութեան եւ առընթեր մարմինների պաշտօնական կայքերը: Մեծաթիւ այցելութիւնների դէպքում կայքերը պարզապէս ոչ ֆունկցիոնալ (գործառնութիւն) կը լինեն: Բողոքի քայլը անում ենք ուղիղ 1 ժամով, որպէս ուժի ցուցադրութիւն, մինչեւ Երեւանի ժամանակով 13:00-ն», – գրած էր Խառատեանը՝ նաեւ կոչ ընելով բաշխել պետական կայքերը ըստ երկիրներու, ինչպէս նաեւ՝ գործողութիւններու մէջ չներառել Պաշտպանութեան նախարարութեան, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան եւ ԱԳՆ կայքերը:
Տեղեկատուական անվտանգութեան փորձագէտ Սամուէլ Ֆարմանեանը, որ հետեւած է գործընթացին, «Ազատութեան» հետ զրոյցին փաստած է, որ լուրջ սահմանափակումներ ունեցած է, մասնաւորապէս, Ազգային ժողովի կայքը: