«Այն բանէն յետոյ, երբ իշխող կուսակցութիւնը տապալեց մեծ թափ հաւաքած բողոքի գործողութիւններու առաջնորդի ընտրութիւնը վարչապետի պաշտօնին, Հայաստանը ընկղմուեցաւ քաղաքական ճգնաժամի մէջ», – գրած է CNN-ը: Ամերիկեան ամենահեղիանակաւոր լրատուամիջոցներէն մէկու լրագրողները մէջբերած են Chatam House վերլուծական կեդրոնի փորձագէտ Լոուրենս Պրոերսի խօսքերը․ – «Հայերը կը հասկանան, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն յետոյ որպէս ժողովրդավարութեան ցուցափեղկ ընկալուող իրենց երկիրը յայտնուած է լճացման մէջ: Անոր պատճառը խոր արմատներ ձգած սակաւապետութիւնն է: Այդ ամէնուն հետեւանքով երկրի քաղաքացիներէն շատերը կը գերադասեն արտագաղթել»:
«Ժողովրդավարութիւնը կը վերադառնայ Հայաստան», – գրած է The New York Times-ը` նշելով հայաստանեան բողոքի գործողութիւններու պատճառներէն քանի մը հատը․ – «Անկախացումէն ի վեր երկրի բնակչութեան գրեթէ մէկ երրորդը արտագաղթած է: Սերժ Սարգսեանի իշխանութիւնը չկարողացաւ կանգնեցնել այդ գործընթացը, անոր ալ գումարած՝ գործազրկութեան ցուցանիշը հասած է 20 տոկոսի»:
«56 աւազակներ, որոնք ընդդիմացան ժողովուրդի կամքին», – հայաստանեան իրադարձութիւններու եւ մասնաւորաբար Ազգային ժողովին տեղի ունեցած քուէարկութեան մասին պատմող հրապարակումը այսպէս վերնագրած է ֆրանսական Liberation-ը:
«Հայաստանեան վերնախաւը կը շարունակէ կառչած մնալ իշխանութեան», -գրած է զուիցերիական Neue Zürcher Zeitung պարբերականը: Թերթի թղթակից Մարքուս Աքերեթը նշած է, որ հանրապետականները Նիկոլ Փաշինեանը մեղադրած են պետութեան համար վտանգ ներկայացնելու մէջ:
«Հանրապետականներու այդ յարձակումները, սակայն, ա՛լ աւելի կը մեծցնեն այդ վառ քաղաքական գործիչի ժողովրդականութիւնը` անոր հետ մէկտեղ բացայայտելով հանրապետականները, որոնք ամբողջութեամբ կորսնցուցած են ժողովուրդի աջակցութիւնը: Այդ իսկ պատճառով հանրապետականները կառչած են իշխանութեան, վախի մթնոլորտ կը ձեւաւորեն եւ կը դիմեն ռազմատենչ հռետորաբանութեան օգնութեան», – գրած է Neue Zürcher Zeitung մեկնաբանը` բաւական մշուշոտ գնահատելով Հանրապետական կուսակցութեան` իշխանութեան ղեկին մնալու հեռանկարը․ – «Թափանիւն այլեւս անհնար է ետ դարձնել՝ թէեւ երէկ խորհրդարանի մէջ Հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւորները իրենց ելոյթներով կը փորձէին հակառակ տպաւորութիւն ստեղծել»:
BBC-ի ռուսական ծառայութիւնը եւս աշխոյժ ձեւով կը հետեւի Հայաստանի մէջ ծաւալող իրադարձութիւններուն` նկարագրելով նաեւ Երեւանի մէջ տիրող մթնոլորտը:
«Հանրապետութեան հրապարակի հաւաքուած հազարաւոր մարդիկ ցնծութեամբ ընդունեցին Փաշինեանի պատասխանները եւ կը վրդովէին, երբ «սադրիչ» հարցեր կու տային: Հանրահաւաքի մասնակցիները կը սուլէին նոյնիսկ Հանրապետականը ներկայացնող Սեյրան Սարոյեանի ելոյթի ժամանակ, որուն մէջ հաշտեցման նկատելի տարրեր կային: Իսկ հանրապետական պատգամաւորներէն եւս մէկուն` Արմէն Աշոտեանին, հաւաքի մասնակիցները պարզապէս կ’անուանէին «սրիկա եւ Ֆանտոմաս», – գրած է BBC-ն:
Հայաստանեան իրադարձութիւններուն անդրադարձած է նաեւ արեւմտեան գրական, մշակութային մեծ հեղինակութիւն վայելող The New York Review of Books’ հանդէսը:
«Հայաստանի մենատիրական ղեկավարներու անյաջող շաբաթը» վերնագրուած յօդուածի մէջ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի դասախօս, գրող Վիգէն Պերպերեանը նշած է․ – «Չի կարելի» բառակապակցութիւնը խորապէս արմատացած է հայաստանցիներու հոգեբանութեան մէջ: «Դուն պէտք չէ փորձես խարխլել առկայ ստատուս քվոն, որովհետեւ այդ կրնայ յանգեցնել ողջ համակարգի ապակայունացման, իսկ հայերը պէտք է միաւորուին իրենց կառավարութեան շուրջ նոյնիսկ այն պարագային, երբ վարչապետը կը փորձէ երկիրը ղեկավարել երկու ժամկէտէն աւելի»․ հոգեբանական այդ բարդոյթն այսպէս նկարագրած է ամերիկեան հանդէսի յօդուածագիրը: