Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետի Ընտրութեան Հարցով Ազգային Ժողովի Յատուկ Նիստը՝ Մայիս 8-ին

Վարչապետի Ընտրութեան Հարցով Ազգային Ժողովի Յատուկ Նիստը՝ Մայիս 8-ին

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետի ընտրութեան հարցը պիտի քննարկուի Մայիս 8-ին ժամը 12:00-ին իրաւունքի ուժով գումարուող Ազգային ժողովի յատուկ նիստին: Այդ մասին յայտարարած է խորհրդարանի խօսնակ Արա Բաբլոյեանը:

Յիշեցնենք, վարչապետի պաշտօնին առաջադրուած միակ թեկնածու, Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Հանրապետական կուսակցութեան յետագայ իշխանավարման դէմ պայքարը գլխաւորող ընդդիմադիր «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանը երէկ Ազգային ժողովին մէջ չստացաւ բաւարար թիւով ձայներ․ անոր օգտին քուէարկեց 45, դէմ՝ 56 պատգամաւոր:

Քուէարկութենէն ետք Փաշինեանը Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի մէջ իրականացող բազմամարդ հանրահաւաքին կոչ ըրաւ առաւօտեան վերսկսիլ քաղաքացիական անհնազանդութեան գործողութիւնները:

Համաձայն Սահմանադրութեան 149-րդ յօդուածի 3-րդ կէտին՝ «Վարչապետ չընտրուելու պարագային քուէարկութենէն եօթ օր յետոյ կ’իրականացուի վարչապետի նոր ընտրութիւն, որուն մասնակցելու իրաւունք ունին պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի առնուազն մէկ երրորդի առաջադրած վարչապետի թեկնածուները: Եթէ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու մեծամասնութեամբ վարչապետ չընտրուիր, ապա Ազգային ժողովը կ’արձակուի իրաւունքի ուժով»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment