Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Պիտի Շարունակենք Պատմել…

Պիտի Շարունակենք Պատմել…

by MassisPost

hrayr jebejian newԴՈԿՏ.ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

« Մարդ անհատին կեանքը կազմուած է պատմութիւններէ,որ ան ժառանգած ու առած է իր ծնողքէն» Սիւզան Ուիթիկ Ալպերթ

Սթեֆըն Փաքդ ծնած է Անգլիա։ Ան Հրեայ է, բայց երբեք չէ ապրած Հրէաստան։ Սակայն չի նշանակէր, թէ ան որեւէ առընչուածութիւն չունի իր երկրին ու հայրենիքին հետ։ Սթեֆըն քրիստոնեայ-հրեայ մըն է, եւ իր կեանքը նուիրած է Քրիստոսի եւ Անոր Աւետարանի քարոզչութեան եւ իր Հրէական քրիստոնէական համայնքին մէջէն՝« Մեսիական հրեաններ»ուն։

Սթեֆընին հանդիպեցայ Լօզան-Զուիցերիա։ Ան ծանօթացած էր տղուս՝ Վահէին,եւ բաւական բան իմացած էր մեր ընտանիքին եւ իմ գործունէութիւններուս առընչութեամբ։ Փափաք յայտնած էր հանդիպելու հետս, եւ նա մանաւանդ որ ես ալ կը գործեմ միջազգային Քրիստոնէական կազմակերպութեան մը հետ։ Բայց չուշացաւ տղուս հարցում ակնարկութիւնը՝ «Պապ կ՚ուզես՞ հանդիպիլ։ Կ՚ուզեմ որ գիտնաս թէ հրեայ է»։

Հարց մը չի կրցայ տեսնել մեր հանդիպումին մէջ։ Եւ երբ ընդունեցի, չուշացաւ տղուս փոքր զգուշացում-դիտաւորութիւնը։ « Քաղաքական հարցերու մէջ քիչ մը զգուշ եղիր եւ կամաց գնայ հետը»։ Եթէ տղուս դէմքին վրայ կար պզտիկ ժպիտ մը,բայց նաեւ քաղաքավարական ակնարկութիւն մը՝ ընտանեկան մեր հանդիպումը չի վերածելու համար քաղաքական տաք բանավէճի…։

Սթեֆընի տան մէջ ենք, Մարտ 2018։ Ան ունի բազմանդամ ընտանիք մը։ Չորս պատանի-երիտասարդներ եւ բոլորն ալ աշակերտ եւ համալսարանական ուսանողներ։ Մեծ աշխատանք տարած է ու տակաւին իր զաւակներուն կրթութեան առընչութեամբ։ Իր մանչ զաւակը կ՚ուսանի Ժընեւի համալսարանի մէջ, քաղաքական գիտութիւններու մէջ մասնագիտանալով։ Ընթրիքէն առաջ առիթը ունեցայ զրուցելու հետը իր մասնագիտութեանը առընչութեամբ եւ լսելու համար իր հետաքրքրութիւնները եւ տեսակէտերը։ Եւ մեր խօսակցութիւնները հասան մինչեւ արաբ-իսրայէլեան ճգնաժամերուն եւ տագնապներուն։ Եւ չուշացաւ հարցումս։« Ինչպէս՞ կը տեսնես միջինարեւելեան տագնապները»։

«Ես աւելի առարկայական եւ գիտական մօտեցում ունիմ այս առընչութեամբ, բայց հայրս աւելի զգացական է», եղաւ իր առագ ակնարկութիւնը։

Մէկ նոր տեղեկութիւն մըն ալ աւելցաւ Սթեֆընի մասին,երբ տակաւին պէտք եղած «ուժականութեամբ» չեր սկսած իմ հաղորդակցութիւնը իր հետ։

Ընթրիքի երկար սեղանին նստելու դասաւորումը կատարեց նոյնինքն Սթեֆընը։ Եւ չեմ գիտեր եթէ նախօրօք մտածած էր կամ այլ, ինք եւ ես նստեցանք քով-քովի։

Սթեֆընը գիտեր թէ Լիբանանցի եմ եւ Լիբանանահպատակ։ Եւ անկախ Կիպրոս նստավայրէս, նաեւ Արաբական մթնոլորտի մէջ մեծցած ըլլալու ու տակաւին ապրելու իմ իրականութեանը։ Կրնայի տեսնել, թէ իր դէմքին վրայ կար զգուշաւորութիւն մը, թէ ինչպէս՞ եւ ինչ՞ տեսակի նիւթեր պիտի սկսի արծարծել հետս։ Վերջապէս, կը պատկանինք երկու տարբեր պետականութիւններու, որոնց միչեւ առկայ է «պատերազմական» իրավիճակներ։ Եւ ան շատ զգուշ էր, որ որեւէ մէկ ձեւով ընտանեկան երեկոն չխանգարուէր այլ հրատապ նիւթերով, ուր մեր կեցուածքները կրնային ըլլալ հակադիր…։

Եւ խօսակցութիւնը սկսելու նախաձեռնութիւնը ստանձնեցի ես։

« Եփրայերէն կը խօսիս՞», եղաւ իմ առաջին հարցումը։

« Ոչ» եղաւ Սթեֆընի շատ արագ պատասխանը։ « Անգլիա ծնած եմ եւ առիթը չունեցայ իմ մայրենի լեզուն սորվելու», շարունակեց ան։ « Զաւակներս ալ չեն գիտեր»։

Սթեֆըն նշմարեց թէ դէմքիս վրայ կար պզտիկ զարմանք մը։ Իսկութեան մէջ քիչ մը զարմացած էի, քանի կը լսեմ եւ կը կարդամ, թէ հրեայ հաւաքականութիւնները շատ ուշադիր եւ բծախնդիր են այլասերումի մարտահրաւէրին դիմաց եւ թէ անոնք ինչպէս ամէն գնով կը փորձեն կենդանի պահել իրենց մայրենին։

« Բայց դուք հայերն ալ նոյնն է պարագան սփիւռքի մէջ, չէ՞» ըսաւ ան։ « Դուք ալ ձեր լեզուն կը կորսնցնէք»։

Սթեֆըն Անգլիոյ մէջ ունեցած է հայ դրացի մը։ Հայեր, որոնք հայերէն չէին խօսէր։ Այս իմաստով, Սթեֆընի համար հայութիւնը այդքան ալ «օտար» իրականութիւն մը չէր։ Գիտցած էր, որ հայկական մականունները ընդհանրապէս «եան»ով կը վերջանան։ Համտեսած էր հայկական ճաշերը եւ կրցած էր գիտնալ թէ համեղ են։ Կրցած էր նաեւ տեսնել, թէ հայերն ալ սփիւռքի մէջ իրենց մայրենին կը կորսնցնեն եւ թէ ինք մինակը չէ այս իրականութեանը մէջ։ Բայց հետաքրքրական էր, որ չէր իմացած թէ ինչու՞ հայը սփիւռքի մէջ է եւ թէ ինչ՞ էր հայուն պատմութիւնը։ Ու չուշացաւ նաեւ իմ ներքին յուսախաբութիւնը։ Թէ ինչու՞ հայ դրացին չէր պատմած իր՝հայուն պատմութիւնը Սթեֆընին։

Ամբողջ ընթրիքի ընթացքին կարծէք Սթեֆընը եւ ես անջատուած էինք մեր ընտանիքի մնացեալ անդամներէն։ Չէինք ալ լսեր, թէ ինչ՞ նիւթեր կ՚արծարծուէին սեղանին միւս կողմը։ Սթեֆընը մտիկ կը՚նէր իմ՝հայուն պատմութիւնը։ Եւ սկսայ իրեն պատմել թէ ինչու՞ իր հայ դրացին Անգլիա հասած է՝ինչպէս ես Պէյրութ։ Եւ թէ իմ մեծ ծնողքս ու ծնողքս ինչպէս՞ պատմական Հայաստանէն իրենց ակունքներէն արմատախիլ եղած էին եւ հասած՝ Հալէպ եւ ապա Պէյրութ։ Ու տակաւին ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը եւ իմ ընտանեկան պարագաներու քսան եւ հինգ նահատակները։ « Բոլորին նկարները ունիմ իմ ընտանեկան հաւաքածոյին մէջ» ըսի Սթեֆընին։

Եթէ Սթեֆըն տակաւին կը պահէր իր զգուշաւոր կեցուածքը իմ նկատմամբ, բայց սկսած էի տեսնել անոր աչքերուն մէջ հասկացողութիւն եւ ճանաչողութիւն։ Սկսայ նաեւ տեսնել, թէ Սթեֆըն կամաց-կամաց սկսաւ հաղորդակցութեան աւելի հանգիստ կամուրջներ ստեղծել ինծի հետ։ Իմ՝հայուն պատմութեան մէջէն Սթեֆըն կրցաւ ինք իր անձը տեսնել եւ աւելիով կրցաւ կամրջել իր պատմութիւնը իմ պատմածիս հետ։ Չէ՞ որ ինք ու իր ժողովուրդն ալ անցած է այդ ահաւոր ողբերգութենէն։ Հրէական ողջակիզումէն։ Եւ այդ գիշեր, իմ պատմութեանս մէջէն Սթեֆըն տեսաւ իր պատմութիւնը։ Եւ իմ ու իր պատմութիւնները կարծես ներշնչեց Սթեֆընը եւ մենք աւելի լաւ կրցանք զիրար հասկնալ։

Մեր մեկուսի խօսակցութիւնները տեղ մը պէտք էր ընդմիջէինք։ Վերջապէս կարելի չէր լման անջատուիլ մեր ընտանիքներէն։ Արաբ-իսրայէլեան նիւթերուն ու այդ «տաք» խօսակցութիւններու մէջ մտնելու առիթը չեղաւ։ Հայկական ինքնութիւնը եւ հայուն ցեղասպանութիւնը խլեց մեր խօսակցութեան գլխաւոր առանցքը։ Եւ հայուն ցեղասպանութեան իրականութիւնը կամրջուեցաւ հրէական ողջակիզումին հետ։ Եւ մենք երկուքս այդ երեկոյ զիրար աւելի լաւ հասկցանք։ Երկու տարբեր ինքնութիւններ,որոնք ապրած են պատմութեան նմանօրինակ փորձը եւ այսօր տակաւին կը տգնին իրենց սփիւռքեան իրավիճակներու մէջ, իւրաքանչիւրը իր պարունակին մէջ եւ իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ մարտահրաւէրներով…։

Բայց կայ ներկայ օրերու մէկ մեծ մարտահրաւէրը։ Եւ այդ հայուն պատմութիւնն է։ Եւ նոյն այդ պատմութիւնը պատմելու գրաւականը։ Երբեք չմտաբերենք թէ աշխարհ ամբողջ լսած է «հայուն պատմութիւնը»։ Նոյնիսկ երբ նոյն այդ պատմութիւնը ճանաչողութենէն անցած է պահանջատիրութեան պարունակին։ Տակաւին շատ են անոնք որոնք չեն լսած եւ անհրաժեշտ է որ նաեւ լսեն։

Իսկ թէ ով՞ պիտի ըլլայ պատմողը։ Պիտի ըլլամ ես, դուն եւ իւրաքանչիւր հայ։

Որովհետեւ…։

Ինչքան որ ցաւալի է ու տխուր եւ դժուառ, բայց այս պատմութիւնը ՄԵՐն է՝Հայուն պատմութիւնն է։Եւ այս պատմութիւնը մենք ժառանգած ենք մեր ծնողքէն ու տակաւին մեծ ծնողքէն, եւ անոնցմով այս նոյն պատմութիւնը դարձած է ՄԵՐԸ՝իմը՝ Հայունը։ Եւ մեր պատմութիւնը եթէ պիտի պատմենք մեր զաւակներուն,որովհետեւ տեսնուած ու փաստուած է, թէ պատմութիւնը պատմելով է որ կ՚օգնես անհատին՝լսողին,որպէսզի ինքզինքը արժէւորէ եւ իր ինքնութիւնը գտնէ (Ռ. Աթքինսըն, 1995)։ Ու տակաւին պիտի պատմենք մեր հայուն պատմութիւնը օտարին եւ ուրիշին։ Եւ ուրիշին պատմելով ոչ միայն կը ծանօթացնես քու պատմած պատմութիւնը, բայց նաեւ միչոց կը՚լլաս խթանելու եւ ներշնչելու զանոնք,իմմա՝ ուրիշները,քու նոյնինքն պատմած պատմութեան բովանդակութեամբ(Աննա Ունքովիչ,2011)։ Եւ մեր հայուն պատմութիւնը ստեղծուած ու հնարուած պատմութիւն չէ,այլ՝ իրական,ճշմարիտ ու տակաւին արդարութեանը հասնելու համար իր մղած պահանջատիրութեան արժանահաւատութեամբ։

Բայց կայ տակաւին անհատական ու անձնական իւրայատկութիւնը։ Եւ պատմութիւնը պատմելով է, որ անհատը,իմմա՝ պատմողը,կը՚ստեղծէ եւ կը վերստեղծէ իր ինքնութիւնը (Սիւզան Ուիթիկ Ալպերթ, 1996)։ Ինչքան որ դժուառ է ու ցաւոտ,բայց նոյն այս դժուար ու ցաւոտ մեր պատմութիւնը պատմելով է, որ մենք պիտի կերտենք եւ վերակերտենք մեր հայկական ինքնութիւնը։

Սթեֆընը լսեց իմ պատմութիւնը։ Եւ իմ պատմութիւնը լսելով կրցաւ իր պատմութիւնը ներառել իմ պատմութեանս հետ։ Եւ եթէ մեր հանդիպումը սկսանք որոշ զգուշաւորութեամբ,բայց բաժնուեցանք աւելի ջերմ ու հասկցած ու հասկցուող հաղորդակցութեամբ մը։

Եւ եթէ հայը պիտի տանի իր պատմութիւնը ու անոր ցեղասպանութիւնը հորիզոնէն անդին, ճանաչում ու տակաւին պահանջատիրութիւն,այս պիտի ենդադրէ որ ան պիտի շարունակէ պատմել։ Պիտի շարունակէ պատմել հայուն ցեղասպանութիւնը ու հայուն պատմութիւնը։ Դժուար,արիւնոտ,ցաւով լեցուն պատմութիւնը։ Եւ այս պատմութիւնը պատմելով պիտի կառչինք մեր ինքնութեան,բայց նաեւ պահանջատիրութեան։ Եւ մեր պատմութիւնը պիտի խթանէ ուրիշը՝օտարը,որպէսզի կարենայ ինք իր անձը տեսնել նոյն այդ մեր պատմութեան մէջէն։ Եւ օտարին եւ ուրիշին համար մեր այս պատմած պատմութիւնը պիտի դառնայ արդար ու անոր պահանջատիրութիւնը հատուցուելու համար լիարժէք իրականութիւն։

Հայուն մէկ մեծ առաքելութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը։

Հայուն պատմութիւնը։

Ուր հայը, ես,դուն եւ բոլորս պիտի շարունակենք պատմել։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment