Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Նշենք Ապրիլ 24ը Եւ Անցնինք Առաջ

Նշենք Ապրիլ 24ը Եւ Անցնինք Առաջ

by MassisPost

hampartsum-aghbashianՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Դարձեա՛լ Ապրիլ 24 է:

Մեր ազգի պատմութեան ամէնէն տխուր թուականը. այն սեւ օրը 1915ի, երբ Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաք Պոլսոյ մէջ հայ մտաւորականները, երեւելիները եւ ղեկավարները ձերբակալուեցան ու աքսորուեցան` իրենց սեւ ճակատագիրին ենթարկուելով: Անոնց շարան-շարան հետեւեցան գաղթակններու կարաւանները, եւ այդպիսով, մէկուկէս միլիոն անմեղ հայեր զոհ գացին թուրքի եաթաղանին:

Այս տարի կրկին պիտի նշենք ու յարգենք մեր սրբացած նահատակներուն յիշատակը, եւ մեր նոր սերունդը տեղեակ պիտի պահենք ու անոր յիշեցնենք մեր հողային իրաւունքները եւ մարդկային կորուստի հատուցման մեր պահանջը. նաեւ պիտի յիշեցնենք ամբո՛ղջ աշխարհին, թէ Թուրքիան տակաւին կ՛ուրանայ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ միլիոններ կը ծախսէ` փորձելով խեղաթիւրել այդ իրականութիւնը:

1915ի եւ անոր յաջորդող տարիներուն տեղի ունեցած Ցեղասպանութեան հետեւանքները շատ ծանր ու դառն էին մեր ազգին համար. ամէն ինչի կորուստ` տուն, տեղ, հարստութիւն, եկեղեցի, մշակոյթ, եւ վերջապէս` Արեւմտեան Հայաստանի դատարկումը իր հայ բնակչութենէն: Սակայն, ամենակարեւորը մնա՛ց մեզի. այն էր` հաւա՛տքը… հաւատք, որ ազգը կայ, պիտի մնայ եւ պիտի շարունակէ իր երթը մարդկութեան անվերջ ճանապարհին վրայ:

Շատ բան կարելի չէր ակնկալել Ցեղասպանութենէն փրկուած սերունդէն, սակայն այդ սերունդը իր անկարելին ըրաւ. չյուսահատեցաւ, աշխատեցաւ, նոր օճախներ կազմեց եւ գլխաւորաբար` դաստիարակեց ազգային նոր սերունդ մը, որուն պտուղները մեր ազգը քաղեց 1965ին, երբ Հայաստանէն մինչեւ Լիբանան, Միացեալ Նահանգներ եւ ամէնուրե՛ք, ուր հայ կայ, բողոքի ցոյցեր կազմուեցան եւ միաբերան աղաղակներ բարձրացուեցան` պահանջելով հայ ազգին իրաւունքները:

Երկրորդ յիսնամեակը պայծառ ու նպաստաւոր կրնար ըլլալ մեր ազգին համար, երբ նոր սերունդներ ծաղկեցան, ազգի երակներուն մէջ նոր արիւն սկսաւ հոսելու եւ երտասարդները իրենց աշխատանքով ազգային կեանքը ճոխացուցին. սակայն դաժան ճակատագիրը կրկին մեզի կը սպասէր. Տոկուն հիմքերու վրայ կառուցուած եւ արմատները ուժգին մխրճած` Միջին Արեւելքի ծաղկած հայկական գաղութները, իրարու ետեւէն սկսան քայքայուելու:

Ցեղասպանութենէն շատ առաջ կազմուած Եգիպտոսի հայ փաշաներու տասնեակ հազարներու բարգաւաճ գաղութը 1950-60ական թուականներուն քայքայուեցաւ` նախագահ Ճամալ Ապտուլ Նասերի ազգայնական եւ ընկերվարական քաղաքականութեան պատճառով, իսկ ներկայիս, Եգիպտոսի հայ գաղութը կը շարունակէ իր գոյութիւնը միայն քանի մը հազար ազնիւ անդամներով: Սուտանի հայ գաղութը աւելի՛ դաժան ճակատագիրի ենթարկուեցաւ. անիկա նախագահ Օմար Պեշիրի եւ իրեն նախորդող` իսլամական օրէնքները պարտադրող բռնակալ իշխանաւորներու որոշումներուն պատճառով բոլորովի՛ն կորսնցուց իր գոյութիւնը:

Երբեմնի հայկական Սփիւռքի բաբախող սիրտը համարուող եւ Սփիւռքը առաջնորդող Լիբանանի հայկական գաղութը, իր կարգին կորսնցուց այդ հանգամանքը` 1970ական թուականներուն երկրի ներքին խռովութիւններուն եւ հակառակորդ կուսակցութիւններուն միջեւ քաղաքացիական պատերազմին իբրեւ հետեւանք. թէեւ Լիբանանի հայ գաղութը ներկայիս եւս կարկառուն գաղութ է, սակայն ան շատ աւելի մեծ, հզօր եւ ազդեցիկ պիտի ըլլար, եթէ իր զաւակները չբռնէին գաղթի ճամբան: Իսկ Անդրանիկ Ծառուկեանի երազային Հալէպը, իր հայկական կրթական բարձր հաստատութիւններով, ազգային միութիւններով եւ քաղաքը շէնցնող հայ արհեստաւորներով` Սփիւռքի մէջ »փոքր Հայաստան« մըն էր. ա՛ն եւս Էրտողանի դաւադրութեան եւ իր դաշնակից »Իսլամական պետութեան« ու իսլամական այլ խմբաւորումներու, պետութիւններու եւ ոչ-իսլամ պետութիւններու մութ ծրագիրներուն ու նպատակներուն զոհ գնաց: Միակ մխիթարանքը, որ մեր վիշտը մասամբ կը մեղմացնէ, ա՛յն է, որ շատ սուրիահայեր Հայաստան հաստատուեցան:

Պարսկաստանի հարիւրաւոր տարիներու պատմութիւն ունեցող աւանդապահ հայ գաղութը, իր կարգին կորսնցուց իր զաւակներէն տասնեակ հազարներ, որոնք գաղթի ճամբան բռնեցին` երկրին ճակատագիրը որոշող մոլեռանդ »մուլլա«ներուն պատճառով: Կրթական, մշակութային, ազգային եւ եկեղեցական աշխոյժ կեանք վարող` Եփրեմ խանի նման հերոսներու եւ Րաֆֆիի նման անմահներու այդ գաղութը եւս օրէ օր կը մաշի: Միւս կողմէ, Իրաքահայ գաղութը, որ իր եկեղեցիներով, միութիւններով եւ հայկական պետականացուած վարժարաններով կրցած էր տարիներ շարունակ հայրենասէր, ազգասէր եւ կրթասէր համայնք մը մէջտեղ բերել, անիկա նոյնպէս քայքայուեցաւ` Ճորճ Պուշի նման ապիկարի մը որոշումով եւ անոր խամաճիկներուն ձեռամբ:

Իսկ այս բոլորին դիմաց, մեր դարաւոր թշնամին` թուրքը, իր հակահայ քարոզչական մեքենան կը զօրացնէ. Սուլթան Էրտողան ներկայիս կը հալածէ ու կը ջարդէ իր իսլամ հայրենակիցները` քիւրտերը, այնպէս ինչպէս իր նախնիները, քիւրտերուն հետ ձեռք ձեռքի տուած` մեր ազգը ջարդեցին: Էրտողան, մոլեռանդ ազգայնամոլ եւ կրօնամոլ նոր սերունդ մը կը պատրաստէ` անոնց յիշեցնելով իրենց նախահայրերուն` Էրթուղրուլի, Օսմանի եւ միւս սուլթաններուն փառքերը. ան կ՛երազէ նոր սուլթան մը ըլլալ եւ Օսմանեան կայսրութեան օրով գրաւուած տարածքները ետ խլել` նոր խալիֆայութիւն մը հաստատելով հոն: Սակայն, այդ բոլորին գիտակից ըլլալով հանդերձ, մենք երբե՛ք պէտք չէ յուսահատինք, որովհետեւ` մենք իրաւունքի՛ տէր ենք:

Անտարակոյ, Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը մղձաւանջ մըն է Էրտողանի համար: Մարտ 2018ին, գերմանական »Տէր Շպիկըլ«ը նշեց, թէ Էրտողան անձամբ յանձնարարած էր Գերմանիոյ մէջ բողոքի ցոյցեր կազմակերպել` 2016ին Պունտեսթակի (Գերմանիոյ խորհրդարան) կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունման ի պատասխան. թերթը աւելցուց, որ Գերմանիոյ ոստիկանութիւնը ցնցուած էր այն իրողութեան դիմաց, թէ Անգարա այնքա՜ն շատ կարեւորութիւն տուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի հարցին, որ երկրի նախագահը շահագրգռուած էր անոր ընդունման դէմ բողոքներ կազմակերպելու… Այս` միայն մէ՛կ օրինակ:

Պատմութեան ընթացքին հզօր երկիրներ ու կայսրութիւններ ծաղկեցան, ընդարձակուեցան, ապա տկարացան ու կործանեցան, կամ ամենալաւ պարագային` իրենց իսկական տարածքներուն վերադարձան: Ուշ կամ կանուխ` Թուրքիոյ հերթն ալ պիտի գայ, իսկ մենք, մինչ այդ, պէտք է պատրաստ ըլլանք: Ո՞վ կ՛երեւակայէր հսկայ Սովետական Միութեան փլուզումը… սակայն, երբ այդ մէկը տեղի ունեցաւ, մեր ժողովուրդը արդէն պատրաստ էր, եւ` ազատագրե՛ց Արցախը:

Այժմ ի՞նչ կարելի է ընել…

Վերոյիշեալ մեր հայկական գաղութներու տեղաշարժները եւ տեղափոխումները` Միջին Արեւելքէն դէպի Արեւմուտք, մեզ աշխարհագրականօրէն առաւել հեռացուցին մեր պատմական հողերէն եւ օճախներէն, սակայն գաղթի այդ հոսանքներու ամէն տեսակի վնասներուն մէջ նոյնիսկ` գէթ շա՛հ մը ունեցանք: Բարեբախտաբար, ներկայիս Սփիւռքի մէջ մենք հազարներով պատրաստուած մասնագէտներ ունինք` գիտութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ քաղաքական ասպարէզէն ներս. նմանապէս ունինք հսկայ դրամագլուխներով գործատէրեր: Հարկ է այդ բոլորէն օգտուիլ` ի շահ Հայաստանի զարգացման եւ հզօրացման: Ներկայիս ֆիզիքական հեռաւորութիւնները աննշանակ դարձած են` շնորհիւ համացանցին եւ ելեկտրոնային արհեստագիտութեան ընձեռած միջոցներուն, իսկ այդ գիտարուեստէն օգտուելով` գործնականօրէն մենք շատ մօտ կրնանք ըլլալ մեր երկրին ու ժողովուրդին: Ամո՛ւր հիմքերու վրայ կառուցենք մեր հայրենիքը, մեր երկրի տնտեսութիւնը, Հայկական բանակը, եւ «Դէպի երկիր» կարգախօսը իրագործենք` միշտ պատրաստ ըլլալով համաշխարհային քաղաքականութեան ապագայի անակնկալներուն:

Ապրիլ 24ը պիտի նշենք, պիտի անցնինք առաջ, եւ աշխատինք այդ բոլո՛րը իրականացնել:

Լոս Անճելըս, Ապրիլ 2018

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment