Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ատրպէյճան Հնարաւորութիւն Չունի Օգտուիլ ՌԴ-ի Կողմէն Թուրքիոյ Տրամադրուող C-400-էն

Ատրպէյճան Հնարաւորութիւն Չունի Օգտուիլ ՌԴ-ի Կողմէն Թուրքիոյ Տրամադրուող C-400-էն

by MassisPost

Թուրքիան կը ստանայ C-400 հակազենիթային հրթիռային համակարգերը Ռուսաստանէն, բայց անոնցմէ օգտուելու հնարաւորութիւն չունին որեւէ այլ երկիրներ. հայաստանեան լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ըսած է Զէնքի համաշխարհային վաճառքի վերլուծութեան կեդրոնի տնօրէն, «Ազգային պաշտպանութիւն» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր, գնդապետ Իկոր Կորոթչենքօն:

«Էրտողանը այդ չի կրնար տրամադրել որեւէ այլ երկրի, ինչպէս նաեւ՝ Ատրպէյճանին»,- յայտնած է ան:

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի զէնք գնելու նախընտրութիւններուն` Իկոր Կորոթչենքօն  նշած է, որ այդ երկիրը շատ լրջօրէն կը վերաբերի Իսրայէլի հետ եւ հիմնականին կը դիտարկէ անոնց առանց օդաչուի թռչող գործիքներ գնելու հնարաւորութիւնը:

Իսկ թէ ինչպէս պէտք է Հայաստանը անոնց դիմակայէ` ռազմական փորձագէտը մատնանշած է, որ Панцирь С-1 համակարգով եւ ТОРН-М-ով, որ աւելի թանկարժէք է:

«Կը կարծեմ, որ Ռուսիոյ կողմէն Հայաստանին տրուած վարկի առընչութեամբ ձեր զինուորականները կրնայ գնել այս զէնքերը՝  նուազեցնելով Հայաստանի օդային սահմանին սպառնացող վտանգները»,- ըսած է ան:

Իկոր Կորոթչենքօն անդրադառնալով նաեւ այսօր Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ներքաղաքական իրադարձութիւններուն` նշած է, որ իրենք ալ անհանգստացած են այստեղի իրադարձութիւններով: Ըստ Ռուս փորձագէտի՝ իրենց համար կարեւոր է, որ Հայաստանի մէջ խնդիրներ չըլլան:

«Բոլոր յետ սովետական երկիրներուն մէջ ես Հայաստանը առաջին տեղը կը դնէի»,- ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ Ռուսաստանը  պիտի շարունակէ Հայաստանի հետ համագործակցիլ, Հայաստանը կը ստանայ Ռուսաստանէն ժամանակակից զէնքեր, որ թոյլ չի տար, որպէսզի եղած ռազմական հաւասարակշռութիւնը խախտուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment