Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ժընեւի մէջ Բացուած է Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Յուշակոթող

Ժընեւի մէջ Բացուած է Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Յուշակոթող

by MassisPost

ՀՀ Արտաքին   Գործոց Նախարարութեան  մամուլի  եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը յայտնած է, որ  Ժընեւի Թրամբլէյ զբօսայգիի մէջ (Parc Trembley) բացուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող «Յիշատակի Լապտերներ» յուշահամալիրը՝ Զուիցերիոյ ՀՀ դեսպան Շառլ Ազնաւուրի մասնակցութեամբ:

Պրոնզաձոյլ տասը մեթր բարձրութեամբ լապտերներէ բաղկացած յուշակոթողը, որ ֆրանսահայ անուանի արուեստագէտ Մելիք Օհանեանի ստեղծագործութիւնն է, Զուիցերիոյ հայ համայնքին նուէրն է  Ժընեւ քաղաքին՝ ի նշան  Ժընեւցիներու եւ հայերու համատեղ պատմական յիշողութեան:

Ժընեւի քաղաքապետարանի կողմէն կազմակերպուած բացման հանդիսաւոր արարողութեանը մասնակցած եւ ելոյթով հանդէս եկած է  Ժընեւի քաղաքապետ Ռեմի Պագանին,  Ժընեւի 2014-15 թթ. քաղաքապետ, ներկայիս՝ մշակութային հարցերով փոխքաղաքապետ Սամի Կանաանը,  Ժընեւի Հանրապետութեան եւ կանտրոնի պետական խորհրդի անդամ Անթոնիօ Օճերսը: Վերջիններս ընդգծած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողի կարեւոր նշանակութիւնը հաւաքական բռնութիւններու դէմ մղուող պայքարին՝ յարգանքի տուրք մատուցելով խոցուած ժողովուրդներու իրաւունքներուն եւ չսպիացած յիշողութիւններուն։

Զուիցերիոյ հայ համայնքի՝ յուշարձանի կառուցման համակարգող յանձնախումբի համանախագահներ Վահէ Գաբրաշը եւ Ստեֆան Կրիստեանսընը, ինչպէս նաեւ Ժամանակակից արուեստի քաղաքային հիմնադրամի տնօրէն Միշել Ֆրեյբուրգհաուսն իրենց ելոյթներու ընթացքին անդրադարձած են յուշարձանի նշանակութեան, կառուցման նախապատմութեան՝ յիշեցնելով, որ շուրջ ութ տարի կառուցման թոյլտուութեան սպասող «Յիշատակի լապտերները», ժամանակաւորապէս հանգրուանելով Սուրբ Ղազարի՝ Վենետիկի ժամանակակից արուեստի փառատօնին, արժանացած էին վերջինիս Ոսկեայ Առիւծ պատուաւոր մրցանակին:
Geneva Charles-Aznavour
Յասմիկ Տոլմաճեանը նշած է, որ յուշակոթողի տասնամեայ հարկադրական դեգերումները կ’արտացոլան հայ ժողովուրդի մազապուրծ զաւակներու անցած ուղին՝ միեւնոյն ժամանակ վերստին ընդգծելով պետութեան կողմէն իրականացուող ժխտողականութեան քաղաքականութեան վտանգը:

Ան վերստին խորը երախտագիտութիւն յայտնած է Զուիցերիոյ ժողովուրդին,  Ժընեւի ժողովուրդին եւ հայ ժողովրդին՝ իր պատմութեան ամենադէժ ժամանակահատուածին ցուցաբերած բացառիկ համերաշխութեան, գործուած բարբարոսութիւններու դէմ համաժողովրդական բողոքի, ինչպէս նաեւ  Ժընեւի քաղաքային եւ Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Ան նաեւ իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնած է  Ժընեւի՝ 2008 թուականէն ի վեր իրար յաջորդող քաղաքապետներուն,  Ժընեւի ժամանակակից արուեստի հիմնադրամին, ինչպէս նաեւ հայ համայնքը համակարգող յանձնախումբին՝ յուշակոթողի տեղադրման նպատակով գործադրած շուրջ տասնամեայ հետեւողական ջանքերու համար:

Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղած են ՄԱԿ-ի  Ժընեւեան գրասենեակի գլխաւոր տնօրէնի տեղակալը,  Ժընեւի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, Զուիցերիոյ դաշնային խորհրդարանի պատգամաւորներ,  Ժընեւի Հանրապետութեան օրէնսդիր մեծ պալատի անդամներ,  Ժընեւի քաղաքային խորհուրդի անդամներ, լրագրողներ, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:

Յուշակոթողի տեղադրման զուգահեռ  Ժընեւի քաղաքապետարանի եւ ժամանակակից արուեստի հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ քաղաքի կեդրոնը՝ Լեմանի լճեզրի երկայնքով տեղադրուած են յուշարձանի տեղադրումն ու բացումը ազդարարող վահանակներ, ինչպէս նաեւ Թրամբլէյ զբօսայգիի մէջ բացուած է հայկական հարցի եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրականացուող հայկական ջարդերու եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ զուիցերական մամուլի մէջ, 1895-1920 թթ., լոյս տեսած յօդուածներու ընտրանիի ցուցահանդէս:
2004թ. Զուիցերիոյ հայ համայնքը դիմած է  Ժընեւի քաղաքային խորհուրդին՝ Հայոց ցեղասպանութեան իննսուն ամեայ տարելիցի կապակցութեամբ  Ժընեւի մէջ յուշակոթող տեղադրելու խնդրանքով: Վերջինս 2008 թուականին միաձայնութեամբ որոշում  կայացուցած է՝ օգուտ յուշակոթողի կառուցման: Յայտարարուած մրցոյթի, որպէս արդիւնք, ութ հոգիներէ բաղկացած ժիւրին միաձայն մրցոյթի յաղթական յայտարարած է ֆրանսահայ արուեստագէտ Մելիք Օհանեանի ներկայացուցած նախագիծը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment