CNN-ի յայտնի հաղորդավար Անթոնի Պուրտէյն վերջերս այցելած էր Արցախ եւ Հայաստան, ուր ծրագիր պատրաստած էր իր շրջագայութեան մասին:
CNN-ի կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան համաձայն, Պուրտէյնի «Անծանօթ Շրջաններ» յայտագիրի Արցախ եւ Հայաստան այցելութիւնը պիտի ցուցադրուի Մայիս 20-ին:
Հայաստան եւ Արցախ այցելութեան ընթացքին Անթոնի Պուրտէյնին ընկերակցած են Ամերիկահայեր` յայտնի երգիչ Սերժ Թանքեան եւ քաղաքագէտ Ռիչըրտ Կիրակոսեան, որ այժմ կ’ապրի Հայաստան:
Հաղորդումի ընթացքին Պուրտէյն կը խօսի տեղացի ժողովուրդի եւ սփիւռքահայութեան գոյատեւման եւ ձեռքբերումներու մասին, հակառակ բազում դժուարութիւններուն:
Բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած` «Անծանօթ Շրջաններ» յայտագիրը կը յայտնաբերէ տարբեր ժողովուրդներու մշակոյթն ու ճաշատեսակները: