«Համաշխարհային ցանց՝ դադրեցնել զէնքի առեւտուրը» (Global Net – Stop the Arms Trade) նախագիծի նոր զեկոյցի մէջ նշուած է, թէ Հայոց ցեղասպանութեան իրականացման համար Գերմանիան Օսմանեան կայսրութեան զէնք տրամադրած է: Փոխանցած է DW–ն։
Ըստ նախագիծի հեղինակներուն՝ պրուսական սպաները նաեւ դրած են կոտորածի «գաղափարական հիմքերը»: Զեկոյցի մէջ նշուած է, որ թուրքական զօրքերը Հայոց ցեղասպանութեան իրականացման համար օգտագործած են գերմանական Mauser զէնքը եւ այլ զինատեսակներ, իսկ գերմանացի սպաները աշխոյժ աջակցութիւն ցուցաբերած են սպանութիւններու իրականացման համար:
Բազմալեզու համաշխարհային ցանցը կազմուած է աւելի քան 100 կազմակերպութիւններէն:
Զեկոյցի հեղինակ Վոլֆկանկ Լանտկրեբերը նշած է, որ տակաւին հարցական է, թէ քանի գերմանական սպաներ մասնակցած սպանութիւններու։
Զեկոյցի մէկ այլ առանցքային դերակատար է աւագ զօրավար Կոլմար Ֆրեյհեր ֆոն դեր Գոլցը։ «Ան ոչ հրապարակայնօրէն, սակայն ընկերներու եւ բարեկամներու շրջանակին մէջ որպէս հայատեաց դրսեւորուած է։ Ոմանք լսած են, թէ ան հայերը «ճարպոտ առեւտրականներ» անուանած է։ Ան համոզած է սուլթանին Հայկական հարցին յաւիտեանս վերջ դնելու հարցին մէջ»,– գրած է Լանտկրեբերը։
1883 թուականին ան հրապարակած է «Զինուած ժողովուրդ» գիրքը, ուր խօսած է, թէ յետագային դարձած է Հիթլերի դիրքորոշումը։ Մասնաւորապէս, խօսքը թշնամիին ոչ միայն պարզապէս յաղթելու եւ յանձնուիլ ստիպելու, այլեւ ամբողջապէս ոչնչացնելու մասին է։ Այս դիրքորոշումը դարձած է գաղափարական հիմք, որ անոնք փոխանցած են օսմաններուն, որոնք այդ կիրառած են հայկական հարցի մէջ։
Լանտկրեբերը ընդգծած է, որ նոր հետազօտութիւնը չ’ազատեր Օսմանեան կայսրութիւնը իր մեղքէն, այլ կը լրացնէ պատմութեան բաց մնացած կէտերը: