Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ալիեւ Խօսած է Ատրպէյճանի Բանակի Նոր Սպառազինութիւններու Մասին

Ալիեւ Խօսած է Ատրպէյճանի Բանակի Նոր Սպառազինութիւններու Մասին

by MassisPost

«Հայաստանը չի փափաքիր փոխել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առկայ ստատուս  քվոն (հաստատուած սահման)»,- ռուսական TACC գործակալութեան տուած հարցազրոյցին պնդած է Իլհամ Ալիեւը եւ աւելցուցած է, թէ պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումը այն գլխաւոր խոչընդոտն է, որ թոյլ չի տար, որպէսզի կարգաւորուի ղարաբաղեան հակամարտութիւնը:

TACC գործակալութեան փոխտնօրէն, ծագումով պաքուեցի Միխայէլ Գուսմանի հետ զրոյցին Ատրպէյճանի նախագահը նաեւ նշած է․ «Յայտարարութիւններով Հայաստանը կը պնդէ, թէ կը ցանկանայ բանակցութիւններ վարել: Իրականութեան մէջ, սակայն, կեղծաւորութիւն է այդ մէկը: Հայաստանը ամէն ինչ կ’ընէ, որպէսզի փակ շրջան ստեղծուի, եւ այս ամէնը վերածուի անվերջ գործընթացի մը: Այդ ոչ մեզի համար ընդունելի է, ոչ ալ միջազգային հանրութեան»: Ալիեւը շարունակած է՝ Պաքուի համար ընդունելի տարբերակը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի չորս բանաձեւերու կատարումն է`այսինքն` «հայկական ուժերու անյապաղ դուրսբերումը գրաւեալ տարածքներէն»:

Ալիեւը կոչ ուղղած է Մինսկի խումբի համանախագահ պետութիւններուն, որպէսզի աւելի աշխոյժ դիրքորոշում որդեգրեն:

Ան խօսած է  նաեւ ատրպէյճանական բանակի վերազինման գործընթացի մասին եւ նշած է, թէ այդ գործընթացը արդէն աւարտին հասած է: «Միջազգային փորձագէտներու եւ կազմակերպութիւններու գնահատմամբ՝ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը այսօր աշխարհի 50 ամենամարտունակ ու լաւ սպառազինուած բանակներու շարքին են: Մենք գործնականօրէն աւարտած ենք բանակի վերազինման գործընթացը: Այսօր մեր բանակը յագեցած է թէ՛ յարձակողական, եւ թէ՛ պաշտպանական բնոյթի ամենաժամանակակից տեխնոլոգիական եւ բարձր ճշգրտութեան աստիճան ունեցող սպառազինութեամբ: Մեր ձեռք բերած սպառազինութիւնը աշխարհի լաւագոյն արտադրանքներն են եւ մեզի ինքնավստահութիւն կը հաղորդէ այս մէկը», – յայտարարած է Ալիեւը:

Անոր խօսքերէն, միեւնոյն ժամանակ կը բացայայտուի, թէ Ատրպէյճանը պիտի փոխէ սպառազինութեան ձեռքբերման ողջ քաղաքականութիւնը: «Առաջիկային սպառազինութեան գնումը աւելի ընտրովի եւ ճշգրիտ բնոյթ պիտի կրէ, որ միտում ունի խնդիրներու լուծման»,- նշած է Իլհամ Ալիեւը: Խօսելով ռուս-ատրպէյճանական կապերու ներկայ վիճակի մասին` ան պնդած է, որ անոնք ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի հասցնելը հնարաւոր դարձաւ Վլատիմիր Փութինի հետ իր ունեցած անձնական լաւ յարաբերութիւններու շնորհիւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment