Լրագրողական կազմակերպութիւնները կը պայքարին «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» եւ «Երեւան քաղաքի մէջ ինքնակառավարման մասին» ՀՀ օրէնքի մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքներու դէմ։
Աւելի քան մէկ տասնեակ լրագրողական կազմակերպութիւններ յայտարարութիւն տարածած են, փաստելով, որ Ազգային ժողովի վերջին արտահերթ նիստին ընդունուած եւ 30 մարտին ՀՀ գործող նախագահի ստորագրութեամբ վաւերացուած երկու վերոյիշեալ օրէնքներէն առաջինով կը նախատեսուի գործադիր բարձրագոյն մարմինի նիստերը իրականացնել դռնփակ, իսկ երկրորդով կը ստեղծուին մայրաքաղաքի աւագանիի նիստերը լուսաբանող ԶԼՄ-ներու ներկայացուցիչներու աշխատանքները կաշկանդող պայմաններ:
Լրագրողական կազմակերպութիւնները յայտարարութեամբ փաստած են, որ այս օրէնքները եթէ ընդունուին իշխանութիւնը կ’անտեսէ լրագրողներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան կառոյցներու՝ նախագիծերու վերաբերեալ քննադատութիւնը, այդ փաստաթուղթերը նիստի օրակարգ ընդգրկելու ժամանակ խորհրդարանը որեւէ հանրային քննարկում չէ իրականացուցած, աւելին՝ «Երեւան քաղաքի մէջ ինքնակառավարման մասին» ՀՀ օրէնքի մէջ փոփոխութիւններն ու լրացումները՝ «որոնք հիմնականին մէջ կը վերաբերին ԶԼՄ-ներուն եւ կը հակասեն ՏԻՄ-երու գործունէութեան թափանցիկութեան սկզբունքներուն, ընդունուեցան գործող ընթացակարգի բացայայտ խախտմամբ»։