Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Պատգամը. Սուրբ Զատիկ – Տօն Յարութեան

Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Պատգամը. Սուրբ Զատիկ – Տօն Յարութեան

by MassisPost

«Ի քէն է Տէր՝ աղբիւր կենդանութեան եւ լուսով երեսաց քոց տեսանեմք զլոյս»:

Յարութեան տօնը կը դիմաւորենք անգամ մը եւս եւ անկասկած իւրաքանչիւրս մեր հոգու մինչեւ խորքը կը զգանք նոր կեանքն ի Քրիստոս: Եւ երբ աղօթքով մեր հայեացքը կ՛ուղղենք առ Աստուած, իր մէջ կը գտնենք կենդանութեան աղբիւրը եւ Իր ներկայութիւնը կ՛ընդունինք որպէս լոյսը մեր կեանքին:

Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդը մարդկութեան կեանքը յեղաշրջեց, եւ մարդը իր մէջ գտաւ վերստին կենդանութեան շունչը: Հաւատքով կը նայինք Յարութեան ճշմարտութեան եւ կ՛ըմբռնենք այն, որ Քրիստոսի Յարութիւնը ճանապարհն է  յաւիտենականութեան: Հաւատքի այս գիտակցութիւնը ապրող քրիստոնեայ մարդը իր կեանքը կը հրաշագործէ եւ իր մէջ կը գտնէ ծնունդը արժեւորուած կեանքով մը ապրելու իմաստութեան: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն, որոնց ընտանիքի մէջ Քրիստոսի Աւետարանով ապրող մեր Եկեղեցւոյ զաւակները դարերով լուսաւորած են իրենց կեանքը, որովհետեւ մշտապէս իրենց հայեացքը ուղղած են առ Աստուած, որպէս աղբիւրը կենդանութեան եւ Աստուծոյ ներկայութիւնը ընդունած որպէս Լոյսը աշխարհին:

Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց
Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:

Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդը այս օրերուն մեր ազգի զաւակները աւելի շեշտուած կերպով կը զգան իրենց հոգու մէջ: Թերեւս աշխարհի կեանքին մէջ շատ են այն երեւոյթները, որոնք կը ցնցեն մարդկութեան խաղաղ ու ստեղծագործական կեանքը: Էականը, սակայն, այն է որ կեանքի մարտահրաւէրները ոչ մէկ ձեւով կը տկարացնեն հայ քրիստոնեան իր հաւատքի կեանքին մէջ, որովհետեւ մեր կեանքին նպատակ տուող գերագոյն ճշմարտութիւններն են‘ վերանկախացեալ մեր Մայր Հայրենիքն ու Սբ. Էջմիածինը, փառապանծ մեր ժողովուրդի զաւակները ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի Սփիւռս աշխարհի, նահատակ մեր զինուորներու արեան կանչը, եւ յաղթանակի շունչով հարուստ տեսլապաշտ մեր երիտասարդները, որոնք մեզի կը ներկայանան որպէս խորհուրդը Յարութեան հրաշքին:

Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդը կ՛ապրինք մենք: Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդը‘ մեր նախնեաց կողմէ մեզի վստահուած անկորնչելի եւ անժամանցելի ժառանգն է, որը անցեալը, ներկան ու գալիքը իրար կը կապէ:

Այս տարի Զատիկը մեզի կը հաղորդէ վերազարթօնքի ոգին Սարդարապատի հողէն արձագանգող յաղթանակի պատգամով, որուն մէջ կը լսուին հայ զինուորներու սրտին զարկերը, որոնք կռուի դաշտ մեկնելէ առաջ հաղորդուեցան Հայոց Սրբութիւն Սրբոց Սբ. Էջմիածնի Մայր Խորանի սկիհէն եւ քաջութիւնը իրենց հոգու մէջ ամուր սեղմած «Մահ իմացեալ անմահութիւն է»  ճշմարտութեան առջեւ խոնարհած մնացին մինչեւ իրենց արեան վերջին կաթիլը հաւատարիմ մնալով  Վարդանանց հաւատամքին՝ «Վասն Յիսուսի, վասն հայրենեաց»:

Սիրելի բարեպաշտ հայորդիներ,

Յարութեան Տօնը արժեւորենք սերունդներու կեանքը մշակելով քրիստոնէական հաւատքով: Յարութեան խորհուրդով ապրեցան ու գործեցին մեր նախնիք եւ հոգեւոր ու բարոյական արժէքները դարձուցին կռուանը իրենց կեանքին:

Յարութեան Տօնը հրաւէր է ուղղուած բոլորիս անխտիր, որպէսզի մեր կեանքը ապրինք հաւատքով, մեր զաւակներու, երիտասարդներու եւ նորահաստատ ընտանիքներու կեանքը ներշնչենք քրիստոնէական հաւատքով: Յարութեան Տօնը մեզ կ՛ուղղորդէ, որ  մեզի տրուած կեանքը ունենայ ինքնութեան գիտակցութիւնը: Մեր քրիստոնէական հաւատքը իր մէջ կը կրէ հայրենական շունչը, մեր նախնեաց պատարագեալ կեանքի ոգին, մեր Սբ. Եկեղեցւոյ առաքելութեան զգացողութիւնը: Եւ այս բոլորը կ՛ընդունինք որպէս աստուածատուր շնորհներ:

Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց
Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:

ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment