Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պոլսոյ Հայաշատ Փողոցներուն Մէջ Աթեշեանի Դէմ Թռուցիկներ Փակցուած են

Պոլսոյ Հայաշատ Փողոցներուն Մէջ Աթեշեանի Դէմ Թռուցիկներ Փակցուած են

by MassisPost

Թուրքիոյ իշխանութիւններու միջամտութեան հետեւանքով Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնին մնացող Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշեանի դէմ ստամպուլահայ համայնքի ներկայացուցիչները կը շարունակեն բողոքի ձայն բարձրացնել:

«Ակօս»-ի փոխանցմամբ՝ քաղաքի հայաշատ Քուրթուլուշ եւ Ֆերիքէօյ թաղամասերու բանուկ փողոցներու մէջ փակցուցած են Աթեշեանի նկարով թռուցիկներ, որոնց վրայ ան պատկերուած է սեւ փակուած աչքերով:

Ոստիկանութիւնը արդէն ուսումնասիրութիւն սկսած է՝ պարզելու թռուցիկները փակցնողները: Իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցները սկսած են ուսումնասիրել նաեւ յարակից փողոցներու տեսախցիկներու ձայնագրութիւնները: Բացի այդ, որոշ հատուածներու մէջ ոստիկանութիւնը արդէն հեռացուցած է այդ թռուցիկները:

Հայ փաստաբան Սեպուհ Ասլանկիլը դէպքի առընչութեամբ յայտնած է, որ փողոցներու մէջ թռուցիկներ փակցնելը յանցանք չի նկատուիր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment