Եւրոպական դատարանի մէջ Մարտ 1, 2008 թուականի 9 զոհերու իրաւայաջորդներու ներկայացուցիչ Վահէ Գրիգորեանը հակադարձելով իշխող Հանրապետականի պատգամաւոր, Եւրոպական դատարանի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Գէորգ Կոստանեանին՝ կը պնդէ, թէ անցած 10 տարիներուն իշխանութիւնները մերժած են իրենց տրամադրած գործի նիւթերը, այդ թիւին՝ արիւնալի իրադարձութիւններու վերաբերեալ տեսագրութիւնները։
Փաստաբան Վահէ Գրիգորեանը կը պատրաստուի դիմել գործը քննող Յատուկ քննչական ծառայութեան՝ պահանջելով իրենց տրամադրել գործի նիւթերը, այդ թիւին եւ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի մատնանշած՝ փոխադրամիջոցի ետեւէն ցուցարարներու կողմէն ոստիկաններու ուղղութեամբ կրակ բանալու մասին տեսագրութեան պատճէնները:
«Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին Գէորգ Կոստանեանը ըսած էր, թէ գործին մէջ կայ նաեւ այդ կրակոցներու մասին տեսագրութիւնը՝ աւելցնելով, որ տուժողներու իրաւայաջորդներն ու անոնց ներկայացուցիչները կրնան ծանօթանալ գործի նիւթերուն, այդ թիւին եւ այդ տեսագրութեան:
Փաստաբան Վահէ Գրիգորեանը տարակուսած է Կոստանեանի այս յայտարարութենէն: Անոր խօսքով՝ ՀՔԾ-ի մէջ 350-400 հատոր գործ քննութեան կ’ենթարկուի, անոնց չնչին մասը տրամադրուած է տուժողի ներկայացուցիչներուն․- «Պատճառաբանութիւնների բացակայութեամբ նամակներով՝ յղում կատարելով միայն նախաքննութեան գաղտնիքին, բոլոր տուժողների իրաւայաջորդների մասով մերժել են գործի նիւթերին ծանօթանալ՝ այդ թւում նաեւ տեսագրութիւններին: Տեսագրութիւնները առաջնային կարեւորութեան են եղել մեզ համար»:
Գրիգորեանը աւելցուցած է, որ անցած տարիներուն այս հարցը նաեւ դատարաններու մէջ բարձրացրած է՝ սպառելով երեք ատեանն ալ, բայց՝ ապարդիւն:
Գրիգորեանը կը պատմէ, որ Հայաստանի դատարաններու մէջ մերժում ստանալէն յետոյ դիմած է Եւրոպական դատարան՝ առանձին բողոքի ձեւով։
Մարտ 1-ի զոհերէն Կոռ Քլոյեանի հայրը՝ Սարգիս Քլոյեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցին պնդած է՝ որպէս տուժողի իրաւայաջորդ անցած 10 տարիներուն Յատուկ քննչական ծառայութեան մէջ քանի անգամ հարցաքննութեան ենթարկուած է, որու ընթացքին որեւէ նիւթի, տեսագրութեան չէ ծանօթացած:
Որդեկորոյս հայրը, որ եւս մասնակցած է 2008-ի յետընտրական հանրահաւաքներուն, պնդած է՝ չի յիշեր Ռոպերթ Քոչարեանի մատնանշած որեւէ դրուագ, երբ ցուցարարները կրակ բանային ոստիկաններու ուղղութեամբ.- «Երբ որ երկրորդ նախագահն պաշտօնապէս յայտարարել է, որ կայ էսպիսի բան, որ կրակում են զինուորների վրայ, բայց իրականում դա սուտ էր, չկայ այսպիսի բան․․․ Յատուկ քննչական ծառայութիւնը երբեք էդպիսի փաստ մեզ չի ներկայացրել, որովհետեւ չկայ էդպիսի բան: Գէորգ Կոստանեանը ինչքան էլ ասում է, խօսում է, ինչքան դերասանութիւններ է անում մատներով, ձեռներով… դա միայն ու միայն բխում է իշխանութեան շահերից»:
Մարտ 1, 2008 թուականի վաղ առաւօտեան ոստիկանները յարձակեցան Երեւանի Ազատութեան հրապարակի վրայ գիշերող ընդդիմադիր ցուցարարներու վրայ, որոնք իրենց բողոքը կը յայտնէին նախագահական ընտրութիւններու պաշտօնական արդիւնքներու դէմ: Նոյն օրը աւելի ուշ Ալեքսանդր Միասնիկեանի արձանին յարող հրապարակի վրայ եւ անոր մերձակայքը գտնուող ցուցարարներու եւ ուժայիններու միջեւ սկիզբ առած բախումներու հետեւանքով տասը մարդ զոհուեցաւ, հարիւրաւոր մարդիկ վիրաւորուեցան:
2008-ի յետընտրական արիւնալի իրադարձութիւններէն 10 տարի անցած է, բայց 10 զոհերու մահուան հանգամանքները ցայսօր պարզուած չեն: