Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութենէն» (CHP-ԺՀԿ) ընտրուած հայ պատգամաւոր Սելինա Տողանը խորհրդարանի մէջ բարձրացուցած է պարսկահայ բեմադրիչ Անահիտ Ապատի «Եւա» ֆիլմի ցուցադրութիւնը արգիլելու հարցը:
«Էրմենիհապեր»-ի փոխանցմամբ, Տողանը խորհրդարանի ղեկավարութեան ներկայացուցած է Թուրքիոյ ներքին գործերու նախարար Սուլէյման Սոյլուին ուղղուած գրաւոր հարցի մէջ՝ հետաքրքրուելով ֆիլմի ցուցադրումը արգիլելու պատճառներու մասին:
Հայ պատգամաւորը շեշտած է, որ «Եւա» ֆիլմը պէտք է ցուցադրուէր Կ. Պոլսոյ մէջ իրականացուող «Ֆիլմմոր» միջազգային շարժանկարի փառատօնի շրջանակներու մէջ, բայց ցուցադրութիւնը արգիլուած է մէկ այլ երկրի պահանջով:
Տողանը թուրք նախարարին ուղղած է հետեւեալ հարցադրումները.
«Ֆիլմը արդեօ՞ք ուսումնասիրուած է Ձեր նախարարութեան կողմէն: Եթէ ուսումնասիրուած է, ֆիլմի ո՞ր դրուագներու մէջ առկայ են արգելքի համար հիմք հանդիսացող տարրեր: Եթէ այդպիսի հիմքեր կան, անոնք գործող օրենսդրութեան ո՞ր յօդուածները կը խախտեն»:
Տողանը աւելցուցած է նաեւ, որ շարժանկարի փառատօնի թեմային համապատասխանող եւ կնոջ ապրած անձնական ողբերգութենէն բացի այլ բան չպարունակող ֆիլմի ցուցադրութեան արգելքը կարելի է դիտել որպէս պատասխան այն հարցին, թէ ինչու Թուրքիան մինչեւ հիմա գիտութեան, արուեստի ու մարզանքի բնագաւառներու մէջ ետ մնացած է միջազգային չափանիշներէն:
Ֆիլմը կը պատմէ կնոջ մը մասին, որ կը փախչի Իրանի մէջ գտնուող իր նախկին ամուսինէն եւ ապաստան կը գտնէ Արցախի գիւղերէն մէկուն մէջ:
Ֆիլմի ցուցադրութիւնը նախատեսուած էր Մարտ 17-ին, սակայն ցուցադրութենէն ժամեր առաջ Կ. Պոլսոյ նահանգապետարանը յատուկ գրութեամբ շարժանկարի փառատօնի կազմակերպիչներուն տեղեկացուցած է ներքին գործերու նախարարութեան արգելքի մասին:
Շարժանկարի փառատօնի կազմակերպիչներէն Մելեք Օզմանը յայտարարած էր, որ ֆիլմը արգիլուած է Ատրպէյճանի ղեկավարութեան միջամտութեան հետեւանքով: