Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը (ՀԱԽ) իր զօրակցութիւնը յայտնեց Քալիֆորնիոյ Նահանգային Խորհրդարանի թեկնածու Լուզ Ռիվասին: Ան կը ձգտի ներկայացնելու 39-րդ ընտրաշրջանը, ուր վերջին տարիներուն հաստատուած են մեծ թիւով հայեր: Ընտրաշրջանը կ’ընդգրկէ Սան Ֆերնանտո հովիտի որոշ թաղամասերը` Arleta, Lake View Terrace, Mission Hills, North Hollywood, Pacoima, Sun Valley, Sunland-Tujunga, Sylmar եւ San Fernando:
Լուզ Ռիվաս շրջանաւարտ է Հարվըրտի համալսարանէն: Ան հիմնադիրն է բարեսիրական ՚DIY (Do-It- Yourself) Girlsՙ շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութեան, որու գլխաւոր նպատակն է քաջալերել աղջիկները մուտք գործելու գիտութեան եւ թեքնոլոժիներու ոլորտներէն ներս:
Լուզ Ռիվասը ծառայած է նաեւ որպէս Լոս Անճելըս քաղաքի Հանրային աշխատանքներու յանձնակատար:
Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը կը հաւատայ, որ Լուզ Ռիվասի կրթական պատրաստուածութիւնը, հանրային եւ մասնաւոր հատուածներէն ներս ունեցած փորձը, ինչպէս նաեւ ոչ շահութաբեր հատուածէն ներս գործունէութիւնը, զինք կը դարձնեն լաւագոյն թեկնածուն` ներկայացնելու 39-րդ ընտրաշրջանը Քալիֆորնիոյ Խորհրդարանէն ներս: