Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հանդիպում Արցախի Առաջնորդ` Տէր Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի Հետ

Հանդիպում Արցախի Առաջնորդ` Տէր Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի Հետ

by MassisPost

Ուրբաթ,  Մարտ 16, 2018-ին Իրանահայ Միութիւնը հիւրընկալեց Արցախի  Սրբազան առաջնորդ՝ Տէր Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանը, կլէնտէյլի իր կեդրոնէն  ներս, ուր ներկայ էին գաղութիս հոգեւոր հայրերու ներկայացուցիչները եւ իրանահայ Միութեան վարչութիւնն ու անդամները:

Բարի Գալուստի իր խօսքով ներկայացաւ Իրանահայ Միութեան նախագահ՝ Յովիկ Գաբիգեան եւ յաջողութիւն մաղթեց Սրբազան հօր իր  բոլոր առաքելութիւններուն մէջ:

Ներկաները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Սրբազան հօր՝ Արցախեան պատերազմի ընթացքին տուած իր հոգեւոր եւ բարոյական  նեցուկին՝ ըլլայ հայ զինուրին  եւ  ըլլայ հայ ընտանիքին:

Տեղի ունեցաւ թեթեւ հիւրասիրութիւն:

թղթակից

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment