Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Mosshoes 2018». Հայկական Կօշիկը Մոսկուայի Միջազգային Ցուցահանդէսին կը Մասնակցի

«Mosshoes 2018». Հայկական Կօշիկը Մոսկուայի Միջազգային Ցուցահանդէսին կը Մասնակցի

by MassisPost

Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի աջակցութեամբ մեր երկրի 8 ձեռնարկութիւն աշխարհի աւելի քան 1,000 ապրանքանիշներու շարքին Մարտի 13-16-ը Մոսկուայի մէջ կը մասնակցի «Mosshoes 2018» կօշիկի եւ կաշեայ զարդեղէններու մասնագիտացուած ցուցահանդէսին։

Հիմնադրամէն NEWS.am-ին յայտնած են, որ «Mosshoes» միջազգային ցուցահանդէսը այս տարի 75-րդ անգամ համախմբած է արտադրողներուն՝ աշխարհի 30 երկիրներէ, կը սպասուի աւելի քան 15,000 միջին եւ խոշոր գնորդներու, մատակարարներու այցելութիւն։ Միասնական տաղաւարի մէջ հայկական ընկերութիւնները միջազգային գնորդներուն կը ներկայացնեն բնական եւ փոխարինող կաշեայ կօշիկներ, պայուսակներ, զարդեղէններ եւ այլ արտադրատեսակներ։

Նախորդ տարի գարնան եւ աշնան կայացած «Mosshoes» էքսպոներու որպէս արդիւնք հայկական 18 ընկերութիւն կնքած են շուրջ 682 միլիոն դրամի արտահանման պայմանագիրներ։

«Mosshoes»-ը Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի կաշեայ իրերու խոշորագոյն ցուցահանդէսներէն է։ 4 օր հայ արտադրողները հնարաւորութիւն ունին ներկայացնելու, բանակցելու տասնեակ մատակարարներու հետ, պայմանագիրներ կնքելու, գործարար կապեր հաստատելու, հետեւելու միջազգային միտումներուն եւ, որպէս արդիւնք, աւելցնելու արտահանման ծաւալները»,- նշած է ՀԶՀ Միջազգային համագործակցութեան  ղեկավար Նարեկ Ալեքսանեանը։

Հայաստանի զարգացման հիմնադրամը միջազգային էքսպոյին հայկական ընկերութիւններու մասնակցութեան աջակցած է արտահանման խթանման ՀՀ կառավարութեան քաղաքականութեան շրջանակին մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment