Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Արմէն Սարգսեանը Նիւ Եորքի Մէջ Հանդիպած է Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներու Հետ

Արմէն Սարգսեանը Նիւ Եորքի Մէջ Հանդիպած է Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներու Հետ

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի կողմէն ՀՀ չորրորդ նախագահ ընտրուած Արմէն Սարգսեանը Մարտ 12-ին Նիւ Եորքի մէջ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) կեդրոնական գրասենեակի մէջ հանդիպած է հայ համայնքի երիտասարդ մասնագէտներու հետ:

«Արմենպրես»-ի հաղորդմամբ՝ իր ելոյթին ընթացքին Արմէն Սարգսեանը նշած է, որ պատերազմի, նիւթական անյաջողութիւններու եւ ընկերային դժուարութիւններու ժամանակաշրջանէն յետոյ Հայաստանը պատրաստ է հասնիլ «փոքր հանրապետութիւն, բայց կլոպալ ազգ» երազանքին:

Անդրադառնալով սփիւռքի ներգրաւուածութեան հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն՝ Սարգսեանը ըսած է. «Դուք պէտք է պահէք անձնագիրը ձեր հոգում եւ հաւատաք, որ այդ երկրի քաղաքացին էք: Դուք պէտք է հաւատաք, որ հայաստանցի էք եւ Հայաստանը պէտք է հաւատայ, որ դուք հայ էք: Հայաստանը պէտք է լինի ձեր հայրենիքը եւ պէտք է հոգ տանի ձեր մասին»:

armen sarkissian-NY-1

Ան կարեւորած է արցախեան պատերազմի մէջ տօնած յաղթանակը՝ նշելով, որ հարիւրաւոր տարիներ անց հայերը ցոյց տուին, որ կրնան ըլլալ յաղթանակող:

Սարգսեանը նշած է, որ Հայաստանը իւրօրինակ երկիր է, ով կը համագործակցի թէ ԵԱՏՄ, թէ ԵՄ հետ: «Մենք միակ երկիրն ենք, որը լաւ յարաբերութիւններ ունի թէ Եւրամիութեան, թէ Եւրասիոյ հետ: Սա ֆանտաստիկ հնարաւորութիւն է: Մենք պէտք է խելացի գտնուենք օգտուելու այդ հնարաւորութիւնից»,- ըսած է ՀՀ նորընտիր նախագահը՝ աւելցնելով, որ «Հայաստանը պէտք է ընկերներ ունենայ ամէնուր»: Ան կարեւորած է Հայաստանի մէջ տարբեր ոլորտներու մէջ կաշառակերութեան դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը՝ ընդգծելով, որ այդ ոչ միայն կառավարման կամ օրէնքներ ընդունելու հարց է, այլ պատասխանատու քաղաքացիներ պատրաստելու անհրաժեշտութիւն: «Դա է առաջընթացի ճանապարհը, եւ նախագահը պէտք է օգտագործի իր լիազօրութիւնները յանուն այդ գաղափարի: Նախագահը պէտք է ճիշդ օրինակ լինի քաղաքացիների համար»,- ըսած է ան:

Արմէն Սարգսեանը Ազգային ժողովին ՀՀ նախագահ ընտրուած է Մարտի 2-ին, ան իր լիազօրութիւնները կը ստանձնէ ԱԺ յատուկ նիստին Ապրիլի 9-ին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment