Վարչապետ Կարէն Կարապետյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը երկօրեայ պաշտօնական այցով ժամանած է Լիբանան եւ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրին դիմաւորած է զանոնք Կառավարութեան նստավայրին մէջ:
Ըստ կառավարութեան պաշտօնական կայքէջին, Հայաստանի եւ Լիբանանի վարչապետներու առանձնազրոյցին յաջորդած է երկու երկրներու կառավարական պատուիրակութիւններու հանդիպումը:
«Լիբանանեան ընկերութիւնները կարող են օգտագործել մեր հարթակը առաւել լայն շուկաներ մուտք գործելու համար՝ հաշուի առնելով մեր անդամակցութիւնը ԵԱՏՄ-ին, Իրանի հետ սահմանին ազատ տնտեսական գօտին եւ ԵՄ հետ GSP+ առեւտրային ռեժիմը: Առհասարակ, այժմ լաւ ժամանակ է Հայաստան գալու եւ մեր երկրում ներդրում կատարելու առումով», – ըսած է վարչապետը:
Կարէն Կարապետեանը առաջարկած է դիտարկել նաեւ համատեղ ձեռնարկութիւններ հիմնելու հնարաւորութիւնը՝ բազմաթիւ ոլորտներու մէջ։
Սաատ Հարիրի, ընդգծելով Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման կարեւորութիւնը, նշած է, որ Լիբանանը նոյնպէս լաւ վայր է ներդրումներ իրականացնելու համար, մասնաւորապէս, ենթակառուցուածքներու, ինչպէս նաեւ պետութիւն-մասնաւոր հատուած համագործակցութեան կապակցութեամբ:
Կարէն Կարապետեանը առաջարկած է նաեւ ուսումնասիրել հայ-լիբանանեան ներդրումային հիմնադրամի ստեղծման գաղափարը:
Վարչապետը լիբանանցի գործընկերը հրաւիրած է այցելել Հայաստան՝ նշելով, որ այցի ժամանակ կարելի է նաեւ կազմակերպել հայ-լիբանանեան միջկառավարական յանձնաժողովի նիստ՝ վերոնշեալ հարցերը քննարկելու:
Կառավարութեան ղեկավարը ընդգծած է նաեւ Լիբանանի հայ համայնքի կարեւոր դերակատարութիւնը երկկողմ յարաբերութիւններու խորացման ու սերտացման գործին մէջ:
Հանդիպման աւարտին վարչապետը գրառում կատարած է պատուաւոր հիւրերու «Ոսկեայ մատեան»-ին մէջ: