Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ազրպէյճանը Սպառնացած է ԱՄՆ-ին Բակօ Սահակեանի Այցի Կապակցութեամբ

Ազրպէյճանը Սպառնացած է ԱՄՆ-ին Բակօ Սահակեանի Այցի Կապակցութեամբ

by MassisPost

Ինչպէս յայտնած է Ազրպէյճանի ԱԳՆ ներկայացուցիչ Հիմքէթ Հաճիեւը, ԱՄՆ դեսպան Ռոպերթ Սեկուտան հրաւիրուած է ԱԳՆ, ուր բողոքագիր յանձնուած է: Բողոքը կապուած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի Ուաշինկթըն կատարած այցի եւ Գոնկրէսի մէջ անոր հանդիպումներու հետ:

Ազրպէյճանի ԱԳՆ կոչ ըրած է ԱՄՆ խստիւ պահպանել միջազգային նորմերը եւ թոյլ չտալ սեփական տարածքին մէջ որեւէ գործողութիւն, որ վնաս կը հասցնէ Ազրպէյճանի ինքնիշխանութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment