Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Վարդանանց, Տեառնընդառաջ Եւ Մայրենի Լեզուներու Տօները Նշող Փառաւոր Հանդիսութիւն Յովսէփեան Վարժարանէն Ներս

Վարդանանց, Տեառնընդառաջ Եւ Մայրենի Լեզուներու Տօները Նշող Փառաւոր Հանդիսութիւն Յովսէփեան Վարժարանէն Ներս

by MassisPost

Յովսէփեան վարժարանի աշակերտները պատկառանքով եւ երկիւղածութեամբ  ոգեկոչեցին  Վարդանանց տօնը, որ կը համընկներ Փետրուար 14-ին  նշուող  Տեառնընդառաջի տօնին հետ:

Հանդիսութիւնը վարող դպրոցի տնօրէն, Պր. Շահէ Մանկրեան լուսարձակի տակ առաւ յիշեալ տօները, առաւել օրուայ թուականին զուգադիպող մայրենի լեզուներու տօնին նուիրուած կրօնական, գրական եւ ազգային խորհուրդները: Ապա Հայերէնի ուսուցչուհիներու կողմ պատրաստուած  գեղարուեստական պատշաճ  յայտագրին սկիզբ տալով բեմ հրաւիրեց Ա. կարգի աշակերտները, որոնք հիանալի կատարողութեամբ ներկայացուցին օր. Բեկիի պատրաստած երկխօսութիւնը, մայրենի լեզուին նուիրուած արտասանութիւնն ու  բարեկենդանի նուիրուած երգեր:

Օրուայ յայտագրին մաս կազմեցին նաեւ մանկապարտէզի մանուկները անոնք քաղցրահնչիւն ձայնով երգեցին Մոլորակի երգը ընկերակցութեամբ դաշնակահար, օր. Էլմիրա Սիմոնեանի:

Տիկ. Լիզա Մանոյեանի պատրաստութեամբ երկրորդ եւ երրորդ  դասարանի աշակերտները ներկայացուցին Քաջն Վարդանի ու անոր թոռները ըլլալու հպարտանքի զգացումներն արտայայտող խմբային արտասանութիւններ եւ երկխօսութիւններ, որոնց ընդմէջէն պատգամեցին եւ ուխտեցին մնալ ազգասէր, հայրենասէր ու հաւատարիմ` արի վարդաններ:

Չորրորդ կարգի Ա եւ Բ  բաժնի աշակերտները բեմը մոմերով զարդարելէ ետք տէրընտէսի մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին, երգեցին ու կրակի վրայ ցատկելով իրենց երազանքները թռվռացուցին  դէպի փառաւոր անցեալն ու լուսաւոր  ապագան: ապա` իրենց սիրելի ուսուցչուհիին Տիկ. Ձոլինէ-ի պատրաստած մայրենի լեզուի մասին լօզունգներ կարդալով իմաստաւորեցին օրուայ հանդիսութիւնը ՚Լեզուն կը յաւերժացնէ անցեալը, ապագան եւ ազգը Եկէ’ք հարստացնենք մեր ոսկեղնիկ լեզունՙ եզրափակիչով:

Ետքը հինգերորդ եւ եօթներորդ կարգի աշակերտները ներկայացուցին խմբերգ բոլորին սիրելի Վարդան Մամիկոնեանի նուիրուած  «Իմ Հայրենեաց Հոգի Վարդան»:

Գեղարուեստական յայտագրի վերջին հանգրուանը իրագործեցին  վեցերորդ եւ ութերորդ դասարանի աշակերտները: Անոնք  գունագեղ դիմակներով «Այ Նուպար Նուպարՙ երգով ու պարով տօնական մթնոլորտ մը ստեղծեցին սրահին մէջ:

Պր.  Շահէն կրկին անդրադառնալով մայրենի լեզուներու նուիրուած տօնին  բեմ հրաւիրեց օրուայ պատուոյ  հիւրը:  Հայ եւ գերմանացի  արմատներ ունեցող Ճէսի Արլէնը  ինքզինք ներկայացնելէ ետք,  պատասխանեց Պր. Շահէի հարցումներուն քաղցրաբառ ու սահուն   հայերէնով որ սորված էր 21 տարեկանին: Ան բացատրեց թէ ինչպէս սիրահարը դարձած էր  հայերէն լեզուին ու հայ գրականութեան շնորհիւ իր վաստակաշատ ուսուցիչներուն: Այժմ ան  կը ձգտի նուաճել հայագիտական բարձր ամպիոններ UCLA համալսարանը աւարտելէ ետք, օրինակ  դառնալով օտարախօս եւ օտարասէր  հայ աշակերտներուն:

Ճէսիի պատգամն էր Յովսէփեանի աշակերտութեան` սիրել իրենց մայրենի լեզուն հայերէնը եւ փորձել յայտնաբերել անոր ճոխութիւնը ճկունութիւնն ու  գեղեցկութիւնը:

Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք յայտագիրը պատրաստող հայերէնի ուսուցչուհիներուն եւ պատուոյ հիւրին Պր. տնօրէնը փակեց օրուայ հանդիսութիւնը մաղթելով աշակերտներուն ըլլալ Ճէսիի նման հայախօս եւ քաջն վարդանի նման հայրենասիրութեամբ ու ազգասիրութեամբ տոգորուած մարտիկներ:

ԱՆԻ ՄԱՐՍԷԼԵԱՆ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment