Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Փառաշուք Համերգով Նշուեցաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Պանծալի 100-Ամեակը

Փառաշուք Համերգով Նշուեցաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Պանծալի 100-Ամեակը

by MassisPost

Դար մը հարուստ պատմութիւն ունեցող Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութ-իւնը (A.M.A.A.) Կիրակի, Մարտ 4, 2018ին, շքեղ համերգով մը նշեց իր հիմնադրութեան 100-ամեակը, Փասատինայի Ամպասատոր հանդիսասրահին մէջ:

Ներկայ էին Հարաւային Գալիֆորնիոյ հայ համայնքի կրօնական, քաղաքական, մշակութային, կրթական եւ ընկերային կազմակերպութեանց, Լոս Անճելոսի ու Կլենտէյլի քաղաքապետութեանց հայ պատասխանատուներն ու հայ եւ օտար երաժշտասէր խուռներամ հասարակութիւն մը:

«Հաւատք եւ Սէր» վերտառութիւնը կրող սոյն համերգէն առաջ շնորհալի երաժշտագիտուհի Տօրիս Մելգոնեան, մերձակայ սրահին մէջ, իւրայատուկ պատշաճ զեկուցումով եւ գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ մը, ներկայացուց օրուան յայտագիրը, Անթոն Պրուքլինի ստեղծագործութիւնը եւ մասնաւորաբար Պեթհովէնի 9րդ համանուագը:

Համերգի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Քէն Գէորգեանի բացման խօսքէն ետք օրհնութեան աղօթքը կատարեց Վեր. Արա Չագըրեան:

Այնուհետեւ, սոյն միջոցառումը կազմակերպող Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական  Ընկերակցութեան եւ Լարք Երաժշտանոցի անունով, աւելի քան հազար հոգիներու առջեւ, ելոյթ ունեցաւ Տօքթ. Նազարէթ Տարագճեան: Ան ողջունելէ ետք ներկայ հասարակութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց 100-ամեակի այս միջոցառումը բարեդէպ կերպով կը զուգադիպի  նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին հետ: Տօքթ. Ն. Տարագճեան ամփոփ գիծերով ներկայացուց Հայ Աւետ. Ընկերակցութեան նշանակալից ներդրումները կրթական, մշակութային, կրօնական, բարեսիրական եւ այլ բնագաւառներու մէջ ի շահ հայ ժողովուրդի կարօտեալներուն: Իսկ անդրադառնալով Պեթհովէնի 9րդ համանուագին ըսաւ որ ան հանճարեղ յօրինողի ներաշխարհի արտայայտութիւնն է գոհաբանութեան, համաշխարհային սիրոյ եւ եղբայրութեան մասին: Աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Լարք երաժշտանոցի նուագախումբին, երգչախումբին, օրուան մեներգիչներուն եւ յատկապէս տաղանդաւոր խմբավար Վաչէ Պարսումեանին:

Lark-performers

Համերգն սկսաւ Անթոն Պրուքնըրի (1824-1896) Te Deumn in C major ստեղծագործութեան կատարումով: Երկրորդ մասը յատկացուած էր Լուվիկ Վան Պեթհովէնի 9րդ համանուագին: Աւելի քան մէկ ժամ տեւող սոյն կատարումը ներկաներու պատճառեց գեղարուեստական մեծ հաճոյք: Արդարեւ, սիմֆոնիք նուագախումբն ու արհեստավարժ երգչախումբը խմբավարութեամբ մաեսթրօ Վաչէ Պարսումեանի գեղեցիկ ընդելուզումով մը, մեզի հրամցուցին ներդաշնակ եւ սքանչելի համադրում մը, զոր վայելեցինք ու ըմբոշխնեցինք հոգեկան մեծ ապարումով ու գոհունակութեամբ:

Սոյն համերգի ճոխացման իրենց բարերար նպաստը բերին նաեւ տաղանդաւոր մեներգիչներ Շուշիկ Պարսումեան (սոփրանօ), կարինէ Աւագեան (մեցցօ սոփրանօՙ, Պերճ Գարազեան (թենոր) եւ Ապտիէլ Գոնզալէզ (պաս):

Պատմական փառաշուք համերգ մըն էր արդարեւ, որուն համար ջերմօրէն կը շնորհաւորենք նախաձեռնողներն ու կազմակերպիչները:

Գ. ՄՈԼՈՅԵԱՆ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment