Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մինսկի Խումբի Ամերիկացի Համանախագահը Բացառած է ԼՂ Հակամարտութեան Ռազմական Լուծումը

Մինսկի Խումբի Ամերիկացի Համանախագահը Բացառած է ԼՂ Հակամարտութեան Ռազմական Լուծումը

by MassisPost

Թէպէտեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ գոյութիւն ունեցող ստատուս-քվոն  չի կրնար երկարաժամկէտ պահպանուիլ, սակայն խնդիրը ռազմական լուծում չի կրնար ունենալ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենպրես»-ը, այս մասին ատրպէյճանական Trend գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ  ըսած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ԱՄՆ համանախագահ Էնտրու Շոֆերը:

Ան ընդգծած է, որ ԱՄՆ-ը կ’աջակցի խնդիրի բանակցային կարգաւորման գործընթացին եւ այս հարցին մէջ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահի դերին մէջ կը շարունակէ աշխոյժ փոխգործակցութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ:

«ԱՄՆ երկարաժամկէտ քաղաքականութիւնը, որ կը կիսեն Մինսկի խումբի համանախագահները, կը կայանայ անով, որ արդար կարգաւորումը պէտք է հիմնուի միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու վրայ՝ ներառեալ Հելսինկիի եզրափակիչ     եզրակացութիւնը եւ ուժի ու ուժի սպառնալիքի չկիրառման անոր հիմնարար սկզբունքները, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնորոշման իրաւունքը: Մենք համոզուած ենք, որ գոյութիւն ունեցող ստատուս-քվոն չի կրնար երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ պահպանուիլ, սակայն հիմնախնդիրի կարգաւորումը չունի ռազմական ճանապարհ»,- նշած է ան:

Շոֆեր ընդգծած է, որ համանախագահները պատրաստ են աշխատիլ կողմերու հետ ցանկացած ձեւաչափի մէջ, որ կը յանգեցնէ երկարաժամկէտ կարգաւորման:

«Մենք պիտի շարունակենք նպաստել այն բանին, որ նախագահներն ու արտգործնախարարները հանդիպին հնարաւորինս շուտ՝ յանուն առանցքային հարցերու շուրջ քննարկումներու վերսկսման՝ հաշուի առնելով հրադադարի ռեժիմի պահպանման եւ 2017 թուականին Ժնեւի մէջ, իսկ 2016 թուականին Վիեննայի մէջ եւ Սենտ Պետերպուրկի մէջ ընդունուած քայլերու իրականացման կարեւորութիւնը»,- ըսած է համանախագահը:

Անդրադառնալով ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի ընդլայնման հարցին՝ ան ընդգծած է, որ այդ կարեւոր քայլ կ’ըլլայ, որ կ’ապացուցէ կողմերու յանձնառութիւնը շփման գիծի լարուածութեան թուլացման հարցին մէջ:

Շոֆերը ԼՂ խնդիրի կարգաւորման հարցին մէջ կարեւորած է կողմերու անկեղծ ջանքերու առկայութիւնը: Առաջիկային տարածաշրջան այցի վերաբերեալ ան որեւէ տեղեկութիւն չէ հաղորդած՝ նշելով, որ այդ հարցին մէջ ծրագիրը  դեռ յստակ չէ եւ պայմանաւորուած է տարածաշրջանին մէջ առկայ ընտրական գործընթացներով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment