Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանը Դիմած է Գլխաւոր Դատախազին՝ «Մարտի 1»-ի Գործով Ռոպերթ Քոչարեանը Հարցաքննութեան Կանչելու

Փաշինեանը Դիմած է Գլխաւոր Դատախազին՝ «Մարտի 1»-ի Գործով Ռոպերթ Քոչարեանը Հարցաքննութեան Կանչելու

by MassisPost

Ընդդիմադիր «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանը դիմած է Հայաստանի գլխաւոր դատախազին՝ պահանջելով «Մարտի 1»-ի գործով հարցաքննել Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը, որպէսզի վերջինս պարզաբանէ, թէ 10 տարի առաջ ուրկէ ստացած էր այն տեղեկութիւնը, թէ «ցուցարարները կրակած են ոստիկաններու եւ զինուորներու ուղղութեամբ»:

«Երբ 2008 թուականի Մարտի 1-ին, կամ 2-ին Ռոպերթ Քոչարեանը կը յայտարարէր, որ «ցուցարարների շարքերից, կամ որոշ ցուցարարներ մեքենաների ետեւից դուրս էին գալիս եւ կրակում զինուորների վրայ, նորից թաքնուում», ահա այս յայտարարութիւնը ի՞նչ փաստական նիւթի վրայ է հիմնուած։ Գլխաւոր դատախազին գրութեամբ գրել եմ, միջնորդել եմ, պահանջել եմ, որ Ռոպերթ Քոչարեանը հրաւիրուի հարցաքննութեան եւ պարզաբանի՝ ինչի՞ վրայ էր հիմնուած իր այդ տեղեկութիւնը»,- ըսած է Փաշինեան։

Ընդդիմադիր գործիչը չի բացառեր, որ թերեւս երկրորդ նախագահին սխալ զեկուցած են։ Այդ պէտք է պարզէ նախաքննութիւնը, յայտնած է ան։

«Այդ զեկուցողը նոյնպէս պէտք է հրաւիրել հարցաքննութեան եւ պարզել, թէ որտեղի՞ց նրան այդ տուեալը եւ այդպէս շարունակ։ Ես կարծում եմ, որ սա կարեւորագոյն գործողութիւն է 2008 թուականի Մարտի 1-2-ի իրադարձութիւնները բացայայտելու եւ մասնաւորապէս այդ օրուայ սպանութիւնները բացայայտելու առումով»,- ըսած է Փաշինեանը։

Դատախազին դիմելու մասին իր էջին վրայ տեսագրութիւն հրապարակելէ ետք «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին պատգամաւորը պարզաբանած է, որ Քոչարեանը հարցաքննելու պահանջ կրկին պիտի ներկայացնէ, որովհետեւ կայ նոր ազդակ՝ այժմ նաեւ իշխող կուսակցութիւնը կը խօսի «Մարտի 1»-ին վերաբերող հարցերու պատասխանները երկրորդ նախագահէն ստանալու անհրաժեշտութեան մասին։

«Խորհրդարանական մեծամասնութեան ներկայացուցիչը բարձրացրեց, խօսեց ընդդիմադիր տեսակէտով, ինչը պարզ դարձաւ, որ ի վերջոյ ընդդիմութիւնը ճիշդ է ասում տասը տարի՝ «ո՞ւր է, էդ որտեղի՞ց էին կրակում» »,- ըսած է Փաշինեան։

Ազգային ժողովին 2008-ի «Մարտի 1»-ի վերաբերեալ լսումներու ժամանակ իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչ Սամուէլ Նիկոյեանը նկատած էր, որ իրենց խումբը այդպէս ալ չէր յայտնաբերած որեւէ հրազէնային վիրաւորում ստացած ոստիկանի, մինչդեռ երկրորդ նախագահը արտակարգ դրութիւնը հիմնաւորելու ժամանակ նշած էր, թէ կը կրակէին իրաւապահներու ուղղութեամբ։

Այս ելոյթէն յետոյ մամուլի մէջ յայտնուեցան տեսակէտներ, թէ Հանրապետականը «Մարտի 1»-ի մեղքի սլաքները կը փորձէ ուղղել երկրորդ նախագահի ուղղութեամբ։

Փաշինեան ըսած է, որ անհնար է տարանջատել «Մարտի 1»-ի հարցի մէջ երկրորդ եւ երրորդ նախագահներու պատասխանատուութիւնը, սակայն ինք դատախազին դիմած է ճշգրիտ հարցով։

«Քրէական դատավարութեան օրէնսդրութիւնը պահանջում է, որ եթէ որեւէ մէկին միջնորդելու հարցաքննութեան խնդիր է ծագում՝ վկայ կանչելու եւ այլն, պէտք է շատ յստակ ձեւակերպել, թէ ի՞նչ հարց վարելու համար է վկայում, հարցաքննութիւն կանչում։ Հիմա մենք ունենք շատ յստակ ձեւակերպուած հարց։ Էստեղ խնդիրը ոչ թէ Ռոպերթ Քոչարեանի անձն է, այլ նրա արած յայտարարութիւնը, այսինքն՝ մենք ուրիշ այդպիսի յստակ յայտարարութիւն չունենք»,- ըսած է Փաշինեանը։

Ընդդիմադիր «Ելք» խմբակցութեան ղեկավարը չէ բացառած, որ հարցաքննուելու պարագային երկրորդ եւ երրորդ նախագահները կրնան իրար դէմ ցուցմունքներ տալ։

«Եւ մեր մէջ ասած ես դէմ չեմ, որ Սերժ Սարգսեանն ու Ռոպերթ Քոչարեանն իրար դէմ ցուցմունքներ տան։ Ի վերջոյ Սերժ Սարգսեանը վարչապետ է եղել էդ ժամանակ, իսկ Ազգային անվտանգութիւնը, Ոստիկանութիւնը կառավարութեանն առընթեր մարմին են, Պաշտպանութեան նախարարութիւնն էլ կառավարութեան կազմում է»,- ընդգծած է ընդդիմադիր գործիչը։

Փաշինեան գլխաւոր դատախազին ուղղած իր նամակով կը պահանջէ նաեւ «Մարտի 1»-ի գործին կցել նախկին փաստահաւաք խումբի երկու անդամներու՝ Անդրանիկ Քոչարեանի եւ Սեդա Սաֆարեանի հեղինակած զեկոյցը։

Զեկոյցի համահեղինակ Քոչարեանը վստահ է, որ զեկոյցը կրնայ օգնել նախաքննական մարմնին  եւ տասը սպանութիւններու բացայայտման աշխատանքներու մէջ էական առաջընթաց գրանցել։

«Լսումների ժամանակ էդ նոյն հարցը բարձրացրել եմ դատախազութեան ներկայացուցիչի առաջ, եւ զեկոյցի մի կրկնօրինակն էլ տուել եմ պարոն Գէորգ Կոստանեանին»,- ըսած է Քոչարեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment