Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սումգայիթէն Մարտի 1

Սումգայիթէն Մարտի 1

by MassisPost

Այս օրերուն,  տարբեր մակարդակներու վրայ կը նշուին հայութեան համար կարեւոր    թուականներ հանդիսացող` Արցախեան ազգային-ազատագրական շարժման 30-ամեակը, Սումգայիթի ջարդերու 30-ամեակը եւ Մարտի 1-ի սպանդի 10-ամեակը: Առաջինը  կը հանդիսանայ  ժողովրդական  պոռթկումի եւ յաղթանակի խորհրդանիշ, մինչ միւս երկուքը` սուգի եւ դժբախտութեանց յիշատակումի տարելիցներ:

1988 թուականի Հոկտեմբեր 27-ին, Ազերի ամբոխը, Պաքուի մօտ գտնուող  Սումգայիթի մէջ ծրագրուած ու կազմակերպուած ձեւով    յարձակում գործելով քաղաքի  հայ խաղաղ բնակչութեան դէմ, փողոցներուն վրայ ու իրենց բնակարաններուն մէջ բարբարոսաբար սպաննեցին ու   տեղահան ըրին մեծ թիւով հայերու:

Այդ թուականէն քսան տարի ետք` 2008 թուականի Մարտ 1-ին,  դարձեալ հայու առուն հոսեցաւ, այս անգամ սակայն հայութեան մայրաքաղաք`  Երեւանի սրտին մէջ: Օրուայ բռնապետ Ռոբերդ Քոչարեանի հրամանով գործող զինեալ խմբաւորումներ,  նախ ծրագրուած կողոպուտներ կազմակերպելով ու ապա   պատահական անցորդներու վրայ կրակելով սպաննեցին տասը անմեղ քաղաքացիներու: Այդ իրադարձութիւնները օգտագործուեցան որպէս պատրուակ, բանակի միաւորներ մտցնելու քաղաք ու արտակարգ դրութիւն հաստատելով ճզմելու նախագահական ընտրութիւններուն յաջորդած համաժողովրդային շարժումը:

Սումգայիթի ջարդերը Ազերի իշխանութիւններու վրէժխնդիր ձեռագործն էր, իսկ Մարտ 1-ի սպանդը` իրենց աթոռները  ամէն գնով պահելու ձգտող Հայաստանի իշխանութիւններու իրագործումը:

Երեսուն տարիներ ետք, Սումգայիթի  ջարդերու  կազմակերպիչները այսօր եւս  կը շարունակեն  սպառնալ հայութեան եւ կը խոստանան իրենց կիսատ ձգած գործը շարունակելու:

Իսկ Հայաստանի մէջ, անցնող տասնամեակին իշխանութիւնները ըրին ամէն ինչ, որպէսզի չբացայայտուին Մարտի մէկի սպանդի ծալքերը:

Մարտի մէկի զոհերը ոչ միայն սպաննուած հայորդիներն էին, այլ ամբողջ Հայաստանը դարձաւ զոհ: Այդ թուականէն ասդին աւելի քան 300 հազար հայեր եւս  արտագաղթեցին  իրենց հայրենիքէն ու երկիրը բռնեց  անկումի ճամբան:

Մարտի Մէկը կը հանդիսանայ Հայաստանի անկախութեան տարիներու ամէնէն սեւ օրը, որ պիտի շարունակէ թարմ մնալ Հայ ժողովուրդի ենթագիտակցութեան  ու յիշողութեան մէջ:

«ՄԱՍԻՍ» 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment