Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանն ու Վրաստանը Պայմանաւորուած Են Աշխուժօրէն Զարգացնել Տարածաշրջանային Նշանակութեան Համագործակցութիւնը

Հայաստանն ու Վրաստանը Պայմանաւորուած Են Աշխուժօրէն Զարգացնել Տարածաշրջանային Նշանակութեան Համագործակցութիւնը

by MassisPost

Հայաստանն ու Վրաստանը պայմանաւորուած են աշխուժօրէն զարգացնել տարածաշրջանային նշանակութեան համագործակցութիւնը՝ օգտագործելով    իրենց հնարաւորութիւնները: Այդ մասին ՀՀ կառավարութենէն ներս ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ տեղի ունեցած բանակցութիւններն ամփոփելու ժամանակ յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլին:

«Իմ գործընկերոջ կողմէ ընդգծուեցաւ տարածաշրջանային նշանակութեան համագործակցութիւնը: Մենք պատրաստ ենք, որպէսզի բազմակողմանի նախագիծերուն մէջ Վրաստանի հետ Հայաստանն ալ աւելի աշխոյժ մասնակցի եւ մենք կը համարենք, որ այս առումով կրնանք երկկողմ օգուտ ստանալ՝ ելլելով ազատ առեւտրային գօտիի եւ պայմանագիրներու ցանցէն, որոնք ունին Վրաստանն ու Հայաստանը: Հայաստանի հնարաւորութիւնները եւս Վրաստանի կողմէ պիտի օգտագործուին»,-«Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ, ըսած է Վրաստանի վարչապետը:

Կիորկի Քվիրիքաշվիլին ընդգծած է  նաեւ, որ Վրաստանը կ’ողջունէ Հայաստանի եւ Եւրամիութեան միջեւ համակողմանի եւ ընդլայնուած պայմանագրի ստորագրման փաստը: «Երկու կողմերս համաձայնութեան եկանք, որ անհրաժեշտ է  բարձր մակարդակի այցերը աւելի աշխուժացնել եւ երկու երկիրներու ոլորտային գերատեսչութիւններու համագործակցութեանն աջակցիլ: Մենք համաձայնեցանք նաեւ, որ մօտ ապագային  արհեստագործական  խումբերու հանդիպումներ կայանան, որպէսզի երկկողմ համագործակցութեան յանձնաժողովի հանդիպումը կազմակերպուի եւ մենք յոյսով ենք, որ 2018-ի նման հանդիպում անպայման կ’իրականացուի»,-ըսած է Վրաստանի վարչապետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment