Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փայլան Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Հարցով Դիմած է Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարին

Փայլան Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Հարցով Դիմած է Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարին

by MassisPost

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր, քրտամէտ ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (ԺԺԿ-HDP) անդամ Կարօ Փայլան Թուրքիոյ Ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուին Պոլսոյ պատրիարքարանին մէջ ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ հարցում ուղղած է:

Փայլան` Սոյլուին հասցէագրած իր հարցադրման մէջ մանրամասնօրէն նկարագրած է պատրիարքարանին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, շեշտելով, որ այն պարագային, երբ հայ համայնքը կը ցանկար նոր պատրիարք ընտրել, պետութեան միջամտութիւնը այս ընտրութեան ոչ այլ ինչ է՝ քան հայ համայնքի իրաւունքներու ոտնահարում:

«Պետութիւնը արդեօք ի՞նչ հիմնաւորումով կը մասնակցի հայ համայնքի պատրիարքի ընտրութեան: Ներկայ պատրիարքը` Մեսրոպ Մութաֆեանը, իր այս հիւանդութեամբ, բժշկութեան օգնութեամբ կրնայ երկար տարիներ ողջ մնալ: Այդ պարագային, երբ կը յայտարարէք, որ մինչեւ  պատրիարքը չմահանայ ընտրութիւն պիտի չլայ, նկատի ունիք, որ պատրիարքարանը երկար տարիներ պիտի կառավարուի ձեր նշանակած կառավարիչին կողմէ՞:

Բացի այդ, Ապրիլ 16-ին տեղի ունեցած հանրաքուէէն ետք նախագահ Էրտողան պահանջեց, որ սեղմ ժամկէտներու մէջ պատրիարքի ընտրութեան հարցը կազմակերպուի: Ատկէ ետք արդեօք ի՞նչ փոխուեցաւ եւ ինչո՞ւ ան փորձեց խոչընդոտել ընտրական գործընթացը:

Նախագահ Էրտողան Յունաստան կատարած այցի ժամանակ քննադատեց, որ Արեւմտեան Թրակիոյ մէջ մուֆթիի ընտրութիւնները տեղի չեն ունենար: Այդ պարագային ինչպէ՞ս կը գնահատէք Թուրքիոյ մէջ երկար տարիներ հայ պատրիարքի ընտրութեան խոչընդոտումը, եկեղեցական աւանդոյթները արհամարհելով,  պետութեան կողմէ մէկը  որպէս կառավարիչ նշանակելը  եւ այդ որոշումները հայ համայնքին պարտադրելը»,-կ՛ըսուի հայ պատգամաւորին հարցադրման մէջ:

Միւս կողմէ, պոլսահայ 72 մտաւորականներ գրաւոր կոչով հանդէս եկած են պատրիարքի ընտրութեան շուրջ ստեղծուած իրավիճակի հետ կապուած։

Ինչպէս կը տեղեկացնէ  «Ակօս»-ը պոլսահայ մտաւորականները կոչ ըրած են վերացնել փոխպատրիարք կոչուող պաշտօնը եւ նախաձեռնել պատրիարքի ընտրութիւններ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment