Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ալիեւի Երազները

Ալիեւի Երազները

by MassisPost

Ատրպէյճանի  նախագահ  Իլհամ  Ալիեւի գործերը   սահուն չեն ընթանար այս օրերուն: Նախագահական ընտրութիւնները, որոնք նախատեսուած էին յառաջիկայ  աշնան, անակնկալօրէն  առաջ բերուեցան եւ այժմ տեղի պիտի ունենան Ապրիլին: Չպատճառաբանուած այս փոփոխութիւնը յառաջացուց ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ընդվզումը, որոնք միասնաբար որոշեցին, որ պիտի պոյքոթեն այդ ընտրութիւնները:  Այսպիսով, Ալիեւի վերընտրութիւնը այժմէն իսկ  կորսնցուցած  է  իր միջազգային օրինականութիւնը:

«Ենի Ատրպէյճան» կուսակցութեան համաժողովի ընթացքին, որ գումարուած էր զինք առաջադրելու համար նախագահական ընտրութիւններու թեկնածու: Ատրպէյճանի բռնապետը Հայութեան հասցէին հնչեցուց հերթական սպառնալիքները:

Ալիեւ իր ելոյթի ընթացքին խոստացաւ «ատրպէյճանցիներուն վերադարձնել» Երեւանը եւ Հայաստանի հարաւ-արեւելեան Սիւնիքի մարզը: «Այս մեր ռազմավարական նպատակն է եւ մենք պէտք է աստիճանաբար մօտենանք այդ նպատակին», – յայտարարեց Ալիեւ:

Պաշտօնական Երեւանը տուաւ հակիրճ պատասխան մը յայտարարելով որ, Հայաստանի նկատմամբ տարածքային պահանջները ցոյց կու տան Պաքուի իշխող ռեժիմի ռասիստական էութիւնը:

Առաջին անգամ չէ որ Ալիեւ նման յայտարարութիւններ կը կատարէ:  Հետեւաբար,   Հայաստանի մէջ լրջութեամբ չեն վերաբերիր անոնց, ընդհակառակը, շատեր ծիծաղով կ’ընդունին այդ  խօսքերը, զանոնք նկատելով նախընտրական ամբոխավարութիւն:

Այդ ճիշդ ըլլալով  հանդերձ,  կը վերյիշենք նաեւ այն, որ  Ալիեւ կը փայփայէ  այլ երազներ:  Տարիներ առաջ ան ըսած  էր թէ`  այսպէս  շարունակուելու պարագային Հայաստանի մէջ մարդ պիտի չմնայ եւ մենք քալելով կը հասնինք Երեւան:

Պատերազմի  դաշտին վրայ իր կրած յաջորդական պարտութիւններէն  ետք, Ալիեւ  շատ լաւ  կը  գիտակցի որ ռազմական միջոցներով չի կրնար հասնիլ իր նպատակին: Ան իր   յոյսը կապած է այն բանի վրայ, որ օրին մէկը Հայաստանը պիտի պարպուի ու ինք «քալելով» պիտի հասնի Երեւան:

Թշնամին  յուսախաբ ընելու գործը ընդհանուր հայութեան պարտականութիւնն է:  Զարգացնելով մեր երկիրը ու ժողովուրդը պահելով հայրենիքի մէջ, Ալիեւի երազները կը մնան այդպիսին` միայն երազ:

«ՄԱՍԻՍ»

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment