Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը Հանդիպած է Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը Հանդիպած է Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

by MassisPost

Պոլսոյ նահանգապետարանը հայ համայնքի հիմնադրամներու ղեկավարներուն հրաւիրած էր հանդիպման՝ նահանգապետի եւ Ներքին գործոց նախարար Սուլեյման Սոյլուի հետ:

Ձեռք բերուած տեղեկութիւններու համաձայն, հանդիպման ժամանակ քննարկուած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան հարցը:

Փաստաբան Սեպուհ Ասլանկիլը, որ կը գլխաւորէ պատրիարքի ընտրութիւնները համակարգող Նախաձեռնակ մարմինը, անդրադարձած է նահանգապետարանի՝ պատրիարքարան ուղարկած նամակին, ուր կը յայտնուէր, որ պետութիւնը Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեանին չի ճանչնար պատրաիարքի տեղապահ :

Ասլանկիլ  ցաւալի համարած է, որ նամակին մէջ տեղ գտած տուեալները շարադրուած եղած են անփութօրէն եւ նկատած է, որ նամակը գրուած է հապճեպ: Ան յիշեցուցած է, որ պատրիարքի նախկին փոխանորդ Արամ Աթէշեանին այդ պաշտօնին ընտրած է պատրիարքութեան հոգեւոր խուրհուրդը եւ այդ նոյն խորհուրդն ալ դադրեցուցած է անոր լիազօրութիւնները: Ասլանկիլը, յիշեցնելով, որ հոգեւոր խորհուրդի որոշմամբ պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանը հանգստեան կոչուած է եւ ընտրուած է պատրիարքի տեղապահ՝ ընդգծած է, որ այս բոլոր գործընթացներն ընթացած են համաձայն եկեղեցական օրէնքներու:

Փաստաբանը քննադատած է նահանգապետարանը պատրիարքարան ուղարկուած նամակին մէջ Գարեգին արք. Պեքճեանի հասցէին կիրառուած «այսպէս կոչուած տեղապահ» արտայայտութեան համար՝ նշելով, որ ընտրուած անձին նման կերպ դիմելը պատշաճ չէ:

Հանդիպման ներկայ հայկական հիմնադրամներու ղեկավարներու մեծ մասը կոչ ըրած են վայրկեան առաջ ընտրութիւնները իրականացնել, որոշներն ալ յայտնած են, որ դժուար պիտի ըլլայ  աշխատանքները Աթէշեանի հետ շարունակել:

Հանդիպման աւարտին Սոյլուն պատասխանած է Ասլանկիլի քննադատութիւններուն: Ան նշած է, որ պետութիւնը ունի օրէնքներ, որոնց շրջանակներուն մէջ ալ կը գործէ: Բացի այդ, ըստ Թուրքիիյ ՆԳ նախարարի, պետութիւնը պարտաւորութիւն ունի պաշտպանելու պատրիարքի փոխանորդ Արամ Աթէշեանը: Սոյլուն յայտնած է, որ հանդիպման մասին տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմին եւ նախագահ Էրտողանին: Կողմերը պայմանաւորուած են կրկին հանդիպիլ մէկ ամիս անց:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment