Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ատրպէյճանի մէջ Ընտրութիւններու Ժամկէտը Առաջ Բերելը Կապուած է Իրենց Ներկլանային Յարաբերութիւններուն Հետ. Շաւարշ Քոչարեան

Ատրպէյճանի մէջ Ընտրութիւններու Ժամկէտը Առաջ Բերելը Կապուած է Իրենց Ներկլանային Յարաբերութիւններուն Հետ. Շաւարշ Քոչարեան

by MassisPost

«Չեմ կարծում, որ Ատրպէյճանն այն երկիրն է, որի համար կարեւոր են ընտրութիւնները»,- այս մասին երէկ կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեանը՝ պատասխանելով հարցին, թէ Ատրպէյճանի մէջ 6 ամիս շուտ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններէն ետք, արդեօք, կը սպասուի՞ բանակցութիւններու աշխոյժացում ղարաբաղեան հակամարտութեան շուրջ:

Փոխնախարարի խօսքերով, Ատրպէյճանի մէջ ընտրութիւններու արդիւնքները միշտ կանխորոշուած են:  «Գիտենք ինչպէս են այնտեղ ընտրութիւնները կազմակերպւում, այնպէս որ, ես ընտրութիւնների ժամկէտն առաջ բերելն առաջին հերթին կը կապէի իրենց ներկլանային յարաբերութիւնների հետ: Իհարկէ, հաշուի են առնուում նաեւ արտաքին գործօնները, եւ եթէ կայ իշխանութեան համար ներքին պայքար,  ապա ցանկացած տեղեկատուութիւն այն մասին, որ այդ ներքին պայքարում հակառակ կողմը կարող է ունենալ որոշակի աջակցութիւն այլ պետութիւնների կողմից, բնական է, դա էլ իր ազդեցութիւնն է թողնում»,- նշած է Շաւարշ Քոչարեանը:

Անդրադառնալով Մինսքի խումբի համանախագահներու տարածաշրջանային այցին՝ Փոխ-Արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ ընդհանուր առմամբ մէկ բան կրնան ըսել՝  համանախագահներու կողմէ տարուող ընդհանուր գիծը կը մնայ անփոփոխ, այսինքն՝ բանակցութիւններուն մէջ առաջընթացի համար անհրաժեշտ է վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորում, իսկ անոր  համար պէտք է համապատասխան համաձայնութիւններ կեանքի կոչել:

«Այդ առումով այս պահին փոքր քայլ կարող ենք արձանագրել՝ հակառակորդի համաձայնութիւնը՝ վերահսկողային մշտադիտարկման խմբի թուաքանակն աւելացնելու մասին: Բայց այդ որոշումը դեռ կեանքի չի կոչուել»,- ընդգծած է Շաւարշ Քոչարեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment