Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Արցախցի Երիտասարդ Դաշնակահարուհին Արժանացած է Միջազգային Մրցոյթի Ոսկեայ Մետալի

Արցախցի Երիտասարդ Դաշնակահարուհին Արժանացած է Միջազգային Մրցոյթի Ոսկեայ Մետալի

by MassisPost

Արցախցի երիտասարդ դաշնակահարուհի Անահիտ Առուշանեանը 3 փետրուարին մասնակցած է Նիւ-Եորքի մէջ կայացած «Forte international competition» միջազգային մրցոյթ-համերգին եւ արժանացած առաջին մրցանակի, ինչպէս նաեւ յատուկ մրցանակ՝ լաւագոյն կատարողական թեխնիկայի համար եւ ոսկեայ մետալի: Այս  մասին  «Արցախբրես»-ին  տեղեկացուցած են   ԱՀ  մշակոյթի, երիտասարդութեան  հարցերու եւ  զբօսաշրջութեան  նախարարութենէն:

Անահիտ Առուշանեանը շարք մը միջազգային մրցոյթներու յաղթող է: Միայն 2017 թուականին Վրաստանի մէջ Մոցարտին նուիրուած միջազգային մրցոյթին արժանացած է առաջին մրցանակի, Քանարեան կղզիներուն մէջ հոկտեմբերին կայացած սպանական ամենամեայ միջազգային «Stars at Tenerife» (Թեներիֆէի աստղերը) մրցոյթ-փառատօնին՝ «Կրան-փրի» մրցանակի, իսկ նոյեմբերին ԱՄՆ-ի մէջ կայացած «Մանհաթըն» միջազգային երաժշտական մրցոյթին՝ առաջին մրցանակի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment