Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «ԵԼՔ» Դաշինքի Նախաձեռնութեամբ Հանրահաւաք-Երթ Ընդդէմ Թանկացումներու

«ԵԼՔ» Դաշինքի Նախաձեռնութեամբ Հանրահաւաք-Երթ Ընդդէմ Թանկացումներու

by MassisPost

«Մոսկուա» շարժապատկերի թատրոնի  յարակից հրապարակին վրայ «ԵԼՔ» դաշինքի նախաձեռնած՝ ընդդէմ թանկացումներու երկրորդ հանրահաւաք-երթին խմբակցութեան պատգամաւոր, «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արամ Սարգսեան իր ելոյթին մէջ յիշեցուցած է, որ ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը հիմնաւորեց թանկացումները՝ նշելով, որ ընդհանրապէս 4 տոկոս գնաճը տնտեսութեան օգուտ է:

«Այսինքն` ասում է՝ ժողովո՛ւրդ ջան, այս թանկացումներն անում ենք քո համար, որովհետեւ դա քեզ շատ է պէտք, եւ եթէ ուրիշ երկրներում մինչեւ 10 տոկոս է, մեզ մօտ 2 տոկոս է։ Այնպէս որ մեր նկարները տարէք, ձեր տանը փակցրէք պատին, տակը մոմ վառէք, շնորհակալ եղէք, որ որքան իմաստուն իշխանութիւն ունէք»,-ըսած է ան եւ նշած, որ իշխանութիւնն ալ ընդդիմութեան կը մեղադրէ այն մերժելու համար:

«Ժողովո՛ւրդ ջան, խնդիրը միայն թանկացումները չէ, այս թանկացումներով միայն մեր կեանքը ծանր դարձնելը չէ, այլ աւելի շատ ընդհանուր է եւ վերաբերում է ՀՀ տնտեսութեանը, տնտեսութեան կայունացմանը, այդ տնտեսութեան ողջ մնալուն»,-ըսած է ան:

Ան անդրադարձած է արտաքին պարտքին՝ նշելով, որ երկիրը պարտք կը վերցնէ պարտք փակելու համար եւ նշած, որ այդ պետութիւնը կը սկսի նստիլ «պարտքի ասեղի վրայ»:

Արամ Սարգսեանը նշած է, որ մենք փակ սահմաններու պայմաններու մէջ կ’ապրինք եւ նոյնիսկ 5-9 տարի տնտեսական աճով Հայաստանի մէջ դեռ 30 տարի ո՛չ աղքատութեան, ո՛չ գործազրկութեան ցուցանիշները կ’իջնեն, իսկ արտագաղթի հետ միատեղ այդ ամէնը աղէտի կը վերածուի:

«Հետեւաբար մեզ նոր բան է պէտք յօրինել, հրաշք է պէտք, այնպիսի հրաշք, ինչպիսին Սինկափուրում, Իսրայէլում է: Եթէ ընդհանուր նայենք ու ասենք, որ այս տնտեսութիւնը կով է, որը կաթ է տալիս, նրանք լրացուցիչ այդ կովից անընդհատ կաթ են ուզում եւ վերջնական հասցնելու են նրան, որ այդ կովը սատկի: Մենք առաջարկում ենք գնել նոր կով եւ պիւտճէի մուտքերը աւելացնել դրանով: Տարբերակ չէ ասել, որ կաշառակերութեան դէմ պայքարէք, մի գողացէք, քանի որ իրենք իրենց դէմ չեն պայքարի»,-ըսած է ան եւ նշած, որ այնպիսի լուծում պէտք է առաջարկեն, որ իշխանութիւնն ալ համաձայնի, եւ լուծումը գիտելիքն է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment