Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Սուլթան Էրտողան Եւ ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդի Մնայուն Անդամակցութիւնը

Սուլթան Էրտողան Եւ ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդի Մնայուն Անդամակցութիւնը

by MassisPost

hampartsum-aghbashianՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ 

Դեկտեմբեր 6, 2017ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու (ԱՄՆ) նախագահ Տանըլտ Թրամփ Երուսաղէմը պաշտօնապէս ճանչցաւ իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք եւ հաստատեց ԱՄՆի դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ տեղափոխելու ծրագիր մը: Նախագահ Թրամփի սոյն որոշումը երկինքէն նուէր մը եղաւ Թուրքիոյ փառասէր եւ փառամոլ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի համար, որ վաղուց այդպիսի շարժառիթի մը կը սպասէր՝ իր նպատակները աւելի եւս իրականացնելու։ Սակայն, ո՞ւր կուզէ հասնիլ ան եւ ի՞նչ կ՛ուզէ ձեռք բերել:

Այս նիւթը՝ Երուսաղէմի ճանաչումը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք, երբեք նորութիւն մը չէ: ԱՄՆի նախկին քանի մը նախագահներ խոստում տուած էին այդ առումով, սակայն իրենց խոստումը բնաւ չեն կատարած՝ երկրի շահերու ապահովումէն մեկնելով: Կը թուի, թէ նախագահ Թրամփ լա՛ւ ըմբռնած է ներկայիս իսլամական երկիրներու մէջ տիրող խռովութիւններուն իբրեւ հետեւանք կորսուած միասնականութիւնը, այդ պետութիւններու բռնատիրական վարքագիծին իբրեւ հետեւանք ժողովուրդներուն փտած ու մաշած կամքը եւ այս պատճառներով բոլորին մօտ յառաջացած անտարբեր կեցուածքը՝ Պաղեստինի հարցին նկատմամբ: Ուստի, Թրամփ իր որոշումը տուաւ, եւ այդ հարցին ի տես իր ակնկալած խաղաղ մթնոլորտը իսկապէ՛ս տիրեց իսլամական երկիրներու մէջ, ի բացառեալ Պաղեստինի դժբախտ ժողովուրդի ցոյցերէն, որոնք արդէն կը շարունակուին 70 տարիէ ի վեր:

Էրտողան, իր կարգին, արդէն տարիներէ ի վեր ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ իսլամական երկիրներու առաջնորդ եւ պաղեստինեան տագնապի պաշտպան. ան Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան ներկայի ղեկավարի իր հանգամանքէն օգտուելով՝ բոլոր 57 անդամ երկիրները արտակարգ նիստի հրաւիրեց Պոլսոյ մէջ, միասնաբար դիմադրելու Թրամփի որոշումին, միաժամանակ զգուշացնելով Ամերիկան, թէ՝ «Երուսաղէմի կարգավիճակը իսլամներուն համար կարմիր գիծ է»: Իսլամական այս գագաթնաժողովը տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 13, 2017ին եւ իր եզրափակիչ յայտարարութեամբ դատապարտեց նախագահ Թրամփի որոշումը՝ զայն չեղեալ համարելով, իսկ արեւելեան Երուսաղէմը Պաղեստինի պետութեան մայրաքաղաք յայտարարեց՝ կոչ ընելով բոլոր պետութիւններուն ճանչնալու Պաղեստինի պետութիւնը, ինչպէս նաեւ գրաւեալ արեւելեան Երուսաղէմը՝ իբրեւ անոր մայրաքաղաքը:

Այնուամենայնիւ, Եգիպտոսը, որ ներկայիս արաբական երկիրներու շարքին ամենամեծն է իր բնակչութեան թիւով, Սէուտական Արաբիան՝ իր քարիւղի հսկայ հարստութեամբ եւ իսլամական ամենակարեւոր սրբավայրերով՝ Մեքքայով եւ Մետինայով, եւ վերջապէս Միացեալ Արաբական Էմիրութիւնները՝ իր հսկայ հարստութեամբ, երե՛քն ալ իրենց ծանրակշիռ մասնակցութիւնը չբերին Էրտողանի կազմակերպած խորհրդաժողովին։ Ո՛չ Եգիպտոսի նախագահը, ո՛չ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը կամ գահաժառանգը, ո՛չ ալ Արաբական Էմիրութիւններու շէյխը ուզեցին Էրտողանի ծրագիրներուն հետեւիլ, մէկ կողմէ՝ քաջատեղեակ ըլլալով անոր թաքուն նպատակներուն, իսկ միւս կողմէ՝ Ամերիկայի հետ լաւ յարաբերութիւններու մէջ ըլլալով։ Այդպիսով, կը թուի, թէ Էրտողանի վեհաժողովին որոշումները թուղթի վրայ պիտի մնան՝ զօրաւոր հիմքեր չունենալու պատճառով, եւ աւելի՛ն՝ որովհետեւ Իսրայէլի բարեկամ իսլամական երկիրներու ղեկավարներ, ինչպէս՝ Իլհամ Ալիեւը, որուն երկիրը միլիառներով զէնք կը ստանայ Իսրայէլէն, կեղծաւորութեամբ ընդունեցին վեհաժողովին եզրափակիչ որոշումները, որոնք բոլորովին Իսրայէլի դէմ կը հնչեն: Էրտողան այդ բոլորը աչքին առած ըլլալով հանդերձ, իր երազը կը մնայ Թուրքիան՝ իր ղեկավարութեամբ, գերտէրութիւններու շարքին հասցնել, ինչի համար ալ պատրաստ է ամէն տեսակի խաղեր կազմակերպելու։

Էրտողան, այնուամենայնիւ, որոշ չափով յաջողեցաւ իր երկրին մէջ ծայրայեղ թուրք ազգայնամոլները համախմբել եւ անոնց աջակցութիւնը ապահովել: Կիւլենին վերագրուած պետական հարուածին իբրեւ հետեւանք, ան մեծ թիւով «անվստահելի» անձեր (ըստ իրեն՝ դաւաճաններ) բանտարկեց կամ պաշտօնազուրկ ըրաւ, զինք քննադատող խմբագիրները եւ լրագրողները լռեցուց, քրտական շրջանները քարուքանդ ըրաւ ու անոնց ղեկավարները հալածեց, եւ այդպիսով եղաւ երկրին անվիճելի «նոր սուլթանը»: Էրտողանի միւս քայլը ուղղուեցաւ դէպի թրքախօս երկիրները, որոնցմէ մաս մը յայտնի է իր բնական հարստութիւններով, սակայն չյաջողեցաւ զանոնք առնել իր հովանիին տակ։ Ատրպէյճանէն բացի, միւսներուն համակրանքը չկրցաւ շահիլ: Նոյն լեզուն եւ ազգային ծագումը ունենալու յանկերգը ա՛լ քաղցր չի հնչեր անոնց ականջներուն:

Էրտողան նախապէս փորձեց նաեւ Օսմանեան կայսրութիւնը վերականգնեցնել՝ արաբները շահագործելով, երբ ան Ծոցի երկիրներուն հետ լաւ գործառնութիւններու եւ առեւտրական յարաբերութիւններու մէջ մտաւ, սակայն այդ բոլորը ցնցուեցան, երբ Թուրքիա դէմ եկաւ Սէուտական Արաբիոյ եւ անոր դաշնակից երկիրներուն, երբ անոնք խնդիր ունեցան Քաթարի հետ, ու վերջինին կողմնակից եղաւ։ Սիւննի Թուրքիան եւ ուահապի Սէուտական Արաբիան երբե՛ք կարելի չէ որ նոյն տեսիլքը ունենան. անոնք միայն Սուրիան քարուքանդ ընելու համար միացան, եւ հոն նոյնիսկ յաղթական դուրս չեկան՝ աւարտելով իրենց սատանայական դաշինքը: Էրտողան, սակայն, չ՛ուզեր ընդունիլ, որ արաբները չեն ցանկանար վերադառնալ իրենց նախկին կացութեան՝ իբրեւ մաս Օսմանեան կայսրութեան: Դեկտեմբեր 26, 2017ին, Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին հարցերով պետական նախարար Անուար Քարքաշ իր «Թուիթըր»ի էջին վրայ յայտարարած է, որ «Արաբ աշխարհը չի կրնար ղեկավարուիլ Թուրքիոյ կողմէ». ուրիշ առիթով մը ան յիշած է, թէ արաբական երկիրներուն համար անհրաժեշտ էր Սէուտական Արաբիոյ եւ Եգիպտոսի՝ «արաբական առանցքի» մը շուրջ հաւաքուիլը. այսուհանդերձ, Թուրքիա հարիւրաւոր զինեալ ուժեր կը պահէ Քաթարի մէջ, իսկ վերջերս Սուտանի հետ ստորագրեց դաշինք մը, ըստ որուն՝ Թուրքիա պիտի բարեփոխէ եւ վերականգնեցնէ Սուտանի արեւելքը գտնուող Սուաքն կղզիի նաւահանգիստը, որ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ պատերազմական կարեւոր նշանակութիւն ունեցած է, իսկ ներկայիս, Թուրքիոյ համար խարիսխ մը պիտի ըլլայ Կարմիր ծովուն վրայ. բան մը, որ Սէուտական Արաբիոյ եւ Եգիպտոսի կասկածը կը հրաւիրէ Թուրքիոյ թաքուն նպատակներուն վրայ։

Էրտողանի նոր ծրագիրն է, այժմ, համաիսլամական գործնական շարժում մը ստեղծել. ան իր նպատակները իրականացնելու համար, ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ իսլամական երկիրներու «մեծ եղբայր»ը եւ պաղեստինեան հարցի մահմետական առաջնորդը: Կը թուի, թէ Էրտողան քաղաքական տուեալներու լոյսին տակ համոզուած է այլեւս, որ ինք չի կրնար նոր խալիֆա մը ըլլալ իսլամական բոլոր երկիրներուն համար. սակայն, եթէ կարենայ զանոնք գոնէ քաղաքական դաշտին վրայ համախմբել իր ետին եւ զանոնք ներկայացնել համայն աշխարհին առջեւ, շատ հաւանաբար՝ ՄԱԿի միջոցով, ապա լա՛ւ արդիւնք ձեռք ձգած պիտի ըլլայ:

Տարիներ առաջ՝ 2011ին, երբ Էրտողան տակաւին վարչապետ էր, «Թայմ» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ՄԱԿի մասին խօսելով՝ ան յայտնած էր, որ «անհրաժեշտ է ՄԱԿի մէջ բարեփոխումներ կատարել…, անհրաժեշտ է ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մնայուն անդամակցութիւնը վերցնել»։ Սակայն ներկայիս, ան բնա՛ւ այդ նիւթին մասին չարտայայտուի՛ր: Արդեօք ան կը խորհի, թէ իսլամ պետութիւնները, որոնք ներկայիս աշխարհի վրայ երկու միլիառէ աւելի բնակչութիւն կը կազմեն, պէտք է մնայուն ներկայացուցի՞չ մը ունենան ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ։ Իսկ եթէ այդ մէկը հաստատուի եւ անոնք ներկայացուցիչ մը ունենան, միթէ ամենայարմարը Թուրքիան չէ՞, իբրեւ իսլամ երկիրներու ներկայացուցիչ:

Ահաւասիկ կը թուի, թէ ա՛յս է, ինչ կ՛երազէ Էրտողան. այլապէս, ինչո՞ւ նշեալ բոլոր աշխատանքները կը տանի, եթէ ինք նոյնիսկ չէ յաջողած իր նախկին իսլամական եւ արաբական ծրագիրներուն մէջ։ Ան կը ջանայ աշխարհի բոլոր իսլամները համախմբել, զանոնք առաջնորդել, ուժեղ ազդեցութիւն եւ դիրք ունենալ՝ միւս հինգ պետութիւններուն նման (Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Չինաստան, Բրիտանիա եւ Ֆրանսա), եւ ինչու չէ նաեւ՝ վեթօի (Veto) իրաւունք ստանալ. մէկ խօսքով՝ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամ դառնալ:

Էրտողան ժամանակի ընթացքին սակայն պիտի ընդունի այն իրականութիւնը, որ ինչպէս իր բոլոր ծրագիրները սին եղած են, այս մէկը եւս միւսներուն նման պիտի ըլլայ, եթէ ան իսկապէս այդ առումով ջանք կը թափէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment