Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսայի Նախագահի Ցեղասպանութեան Մասին Յայտարարութիւնը Անհանգստացուցած է Թուրքիոյ

Ֆրանսայի Նախագահի Ցեղասպանութեան Մասին Յայտարարութիւնը Անհանգստացուցած է Թուրքիոյ

by MassisPost

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն արձագանգած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի՝ Հայոց ցեղասպանութեան մասին յայտարարութեան:

Յիշեցնենք,  որ Ֆրանսայի նախագահը խոստացած էր օրացոյցի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր ամրագրել:

Լրագրողները  Չաւուշօղլուէն հետաքրքրուած են, թէ նման որոշման հնարաւոր ընդունումը ինչպէս կ’անդրադառնայ թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններու վրայ:

«Եթէ նոյնիսկ այդ հարցը օրակարգ բերուի, կամ չբերուի, ինչ կը փոխուի՞:  Ֆրանսան կը խօսի իրաւունքի մասին: Սակայն կայ դատարանի պարզ որոշում: Ցեղասպանութիւն արտայայտութիւնը  ոչ թէ քաղաքական, այլ իրաւական եզրոյթ է: Ֆրանսայի սահմանադրական դատարանն ալ այդ հարցի վերաբերեալ իր  որոշումը կայացուցած է: Եթէ Ֆրանսան իրաւունքին հաւատար, ապա անհրաժեշտութիւն չէր ըլլար  հարցը օրակարգ բերել: Կայ նաեւ «Տողու Փերինչեքն ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի՝ նախորդ տարի կայացուցած յստակ վճիռը, որ վեր է երկրի ներքին օրէնսդրութենէն»,- ըսած է Չաւուշօղլուն:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ Ֆրանսայի Սահմանադրական դատարանը Յունուար 27, 2017-ին չեղել յայտարարած էր Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment