Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Իտալական Ոստիկանութենէն Վստահեցուցած են, որ Փաշինեանի Հետ Կապուած Խնդիր Չկայ

Իտալական Ոստիկանութենէն Վստահեցուցած են, որ Փաշինեանի Հետ Կապուած Խնդիր Չկայ

by MassisPost

Իտալական ոստիկանութենէն, Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան վստահեցուցած են, որ ԱԺ պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի հետ կապուած խնդիր այլեւս չկայ, «Ազատութեան» փոխանցած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Տիգրան Բալայեանը:

Փաշինեան «Ֆէյսպուքի» իր էջին գրած էր, որ Հռոմի մէջ ոստիկանները պաշարած են հիւրանոցի իր համարը եւ փորձած են ձերբակալել իրեն։ Ան նաեւ լուսանկար տեղադրած է, ուր չորս ոստիկաններ շրջապատած են իրեն։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն «Ազատութեան» տեղեկացուցած են, որ այժմ կը փորձեն կապ հաստատել պատգամաւորին հետ։

Փաշինեան «Ֆէյսպուք»ի մէջ գրած է․ – «Պարզւում է՝ ՀՀ իշխանութիւնները Ինթըրփոլով փնտռում են ինձ։ 2008 թուականից փնտռում-փնտռում ու չեն գտնում»։

Յիշեցնենք, որ 2008 թուականի յետընտրական իրադարձութիւններէն ետք Նիկոլ Փաշինեանը հետախուզման մէջ էր, յաջորդ տարուայ յուլիսին ան ներկայացած էր Հայաստանի իրաւապահ մարմիններուն, 2010-ի յունուարին՝ դատապարտուած 7 տարուայ ազատազրկման, 2011-ի մայիսին՝ համաներմամբ՝ ազատ արձակուած:

Միջադէպին արձագանգած է Հայաստանի ոստիկանութիւնը։ Հակադարձելով Փաշինեանին՝ իրաւապահները պնդած են, որ 2009 թուականի յուլիսին անոր նկատմամբ հետախուզումը դադարեցուած է։ Այդ մասին, ըստ ոստիկանութեան, տեղեկացուած է Ինթըրփոլի Գլխաւոր քարտուղարութեան, ապա` Գլխաւոր քարտուղարութեան կողմէ տեղեկացուած են բոլոր անդամ պետութիւնները:

Ոստիկանութեան լրատուական վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեանը «Ազատութեան» ըսած է, որ խնդիրը Իտալական ոստիկանութեան մօտ եղած է, հաւանաբար անոնք չեն թարմացուցած հետախուզուող անձերու  տուեալները։

«Ելք» խմբակցութեան անդամ, պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեան ըսած է, որ մանրամասներու մասին տեղեակ չէ, բայց կը կարծէ, որ սա ինչ-որ մէկուն աշխատանքի մէջ թերանալու արդիւնք է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment