Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան չեղեալ յայտարարած է Լատինական Ամերիկա նախատեսուած այցելութիւնը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրէս»-ը, այս մասին կը յայտնէ թրքական «Հիւրրիյէթ» պարբերականը:
Փետրուար 5-ին Էրտողանը պէտք է այցելէր Վատիկան եւ Իտալիա, այնուհետեւ Պրազիլ, Ուրուկուէյ եւ Վենեզուելլա: Սակայն Թուրքիոյ նախագահականէն յայտարարութիւն հրապարակուած է, ուր նշուած է, թէ նախագահի արտերկրեայ այցը պիտի սահմանափակուի միայն Վատիկանով եւ Իտալիայով:
Թէ ինչն է Լատինական Ամերիկա այցը չեղարկելու պատճառը, դեռ յայտնի չէ:
Յիշեցնենք որ Ուրուկուէյի հայկական կառոյցները կը պատրաստուէին կազմակերպել զանազան բողոքի գործողութիւններ դատապարտելու համար Էրտողանի այցը: