Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Տնտեսութեան Նախարարութեան Ցուցակին Վրայ Երեք Հայ Գործարարներ

ԱՄՆ Տնտեսութեան Նախարարութեան Ցուցակին Վրայ Երեք Հայ Գործարարներ

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու Տնտեսութեան նախարարութիւնը ի վերջոյ հրապարակած է ռուսաստանցի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ու նախագահ Փութինի մերձաւոր «օլիգարխներ»ու  ցանկը, որոնք յառաջիկային կրնան յայտնուիլ ամերիկեան պատժամիջոցներու տակ:

Քոնկրէս ուղարկուած ցուցակին մէջ քրեմլի  ամբողջ վերնախաւն  է, այդ շարքին՝ ռուսաստանաբնակ հայ գործարարներ Սամուէլ Կարապետեանը, Տանիլ Խաչատուրովը եւ Սերկէյ Կալիցքին (Յարութիւնեան):

«Քրեմլեան զեկոյց» կոչուող փաստաթուղթին մէջ ընդհանուր առմամբ 210 անուն կայ՝ Փութինի աշխատակազմի ղեկավար Անտոն Վայնոն, մամլոյ խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը, օգնական Վլատիսլաւ Սուրքովը, վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւը՝ 8 փոխվարչապետերու եւ 22 նախարարներու հետ, պետական «Ռոսնեֆթ»-ի ու «Կազփրոմ»-ի ղեկավարները՝ Իկոր Սեչինն ու Ալեքսէյ Միլլերը:

Ուաշինկթընի մէջ չեն մոռացած նաեւ օրէնսդիրներուն եւ ուժայիններուն. Ցանկին մէջն են Ռուսաստանի խորհրդարանի երկու պալատներու խօսնակները, ներքին հետախուզական ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշկինը, Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան ղեկավար Ալեքսանտր Պորթնիկովը, զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ Վալերի Կերասիմովն ու գլխաւոր դատախազ Եուրի Չայկան:

7-էջանոց ցանկին մէջ են նաեւ Ռուսաստանի ամենահարուստ գործարարները՝ Ռոման Ապրամովիչը, Օլեկ Տերիփասկան, Եուրի Քովալչուկը, Ելէնա Պաթուրինան եւ ուրիշներ, որոնք, ըստ զեկոյցի, իրենց կարողութիւնը վաստակած են նախագահ Փութինի հետ կապերու միջոցաւ:

Միացեալ Նահանգներու Տնտեսութեան նախարարութիւնը պարտաւորուած էր այս զեկոյցը Քոնկրէս ուղարկել նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ անցած տարուայ օգոստոսին ստորագրուած օրէնքով, որու համաձայն կը նախատեսուի խստացնել Ռուսաստանի նկատմամբ պատժամիջոցները՝ ամերիկեան վերջին ընտրութիւններուն միջամտելու եւ Ուքրանիոյ մէջ իրավիճակը ապակայունացնելու համար: Ընդ որում, ըստ օրէնքի, վարչակազմը պէտք է ոչ միայն առանձնացնէր Փութինի մերձաւորներն ու իշխանութեան առանցքային դէմքերը, այլեւ մանրամասն Քոնկրէսին տեղեկացնէր, թէ անոնցմէ իւրաքանչիւրի նկատմամբ սահմանափակումը ինչ հետեւանքներ կրնար ունենալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment