Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 7-8 Փետրուարին պիտի այցելէ Ուրուկուէյ:
Դիւանագիտական աղբիւրներու համաձայն, Մոնթեվիտէոյի մէջ Էրտողանին պիտի ընդունի Ուրուկուէյի նախագահ Տապարէ Վասքէզը: Երէկ յայտնի դարձաւ, որ 200-հոգինոց պաշտօնական պատուիրակութեան մէջ 100-ը անվտանգութեան աշխատակիցներն են:
Ուրուկուէյի հայկական կառոյցները պիտի դատապարտեն Էրտողանի այցը՝ իրականացնելով զանազան բողոքի գործողութիւններ: