Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սարգիս Հացպանեան Պիտի Յուղարակաւորուի Եռաբլուրի Զինուորական Պանթէոնին Մէջ

Սարգիս Հացպանեան Պիտի Յուղարակաւորուի Եռաբլուրի Զինուորական Պանթէոնին Մէջ

by MassisPost

Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարութեամբ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը քննարկած է Սարգիս Հացպանեանին Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ յուղարկաւորելու հարցը։

«Չնայած հանգամանքին, որ Սարգիս Հացպանեանի կնոջ՝ Յասմիկ Պօղոսեանի ներկայացրած նամակում բացակայել է պանթէոնում յուղարկաւորելու համար անհրաժեշտ ընթացակարգի գլխաւոր՝ զոհուածի կամ մահացածի անցած մարտական ուղին հիմնաւորող փաստաթուղթը, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը գիտակցելով, որ նշուած հիմնաւորումները ներկայացնելը կարող է որոշակի ժամանակ պահանջել, ինչը, տուեալ հանգամանքում խնդրայարոյց է, ինչպէս նաև հաշուի առնելով Սարգիս Հացպանեանի ակտիւ մասնակցութիւնը ղարաբաղեան պատերազմի լուսաբանման, Լեռնային Ղարաբաղի համար բարեգործական տարաբնոյթ միջոցառումների կազմակերպման հարցերում, թոյլատրել է յուղարկաւորութիւնը «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնում»,- նշուած է ՊՆ հաղորդագրութեան մէջ։

Յունուարի 20-ն Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ ծանր հիւանդութեան պատճառով մահացած Արցախեան ազատամարտի մասնակից, հասարակական, քաղաքական գործիչ Սարգիս Հացպանեանի մարմինը երէկ բերուած է Հայաստան։  Օրեր առաջ Հացպանեանի հարազատները դիմած էին ՀՀ ՊՆ՝ Հացպանեանը Եռաբլուրի մէջ յուղարկաւորելու առաջարկով, իսկ ՊՆ-ն ժամանակ խնդրած էր որոշում կայացնելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment