Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերժ Սարգսեան․ Ֆրանսան Հայաստանի Կարեւորագոյն Գործընկերն է

Սերժ Սարգսեան․ Ֆրանսան Հայաստանի Կարեւորագոյն Գործընկերն է

by MassisPost

Օգտուելով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ֆրանսա այցէն` L’Express հեղինակաւոր շաբաթաթերթի ճանչցուած լրագրող, ֆրանսահայ Քրիսթիան Մակարեանը հարցազրոյց ունեցած է անոր հետ։

Լրագրողը ցանկացած է իմանալ, թէ Հայաստանի նախագահը ինչ սպասումներ ունի Ֆրանսայէն, թէ ինչ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Ֆրանքոֆոնիայի 17-րդ գագաթնաժողովի հիւրընկալումը Հայաստանի համար, եւ վերջապէս, թէ ինչպիսի յարաբերութիւններ ունի Հայաստանը իր անմիջական հարեւաններէն մէկու՝ Իրանի հետ, մանաւանդ այդ երկրի միջուկային ձգտումներու հետ կապուած։

«Կարծում եմ, որ շնորհիւ իր երիտասարդ   նախագահ  լինելուն  Մաքրոնը մեծ յոյս է ներկայացնում մեր երկու երկրների միջեւ յարաբերութիւնների զարգացման համար», – նշած է Սերժ Սարգսեանը, յիշեցնելով 25 տարիներէ  ի վեր Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ գոյութիւն ունեցող դիւանագիտական կապերը, որոնք, ինչպէս ըսած է ան, «չեն դադարել խորանալ»:

Ապա Հայաստանի նախագահը ընդգծած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին մէջ Ֆրանսայի համանախագահ ըլլալու հանգամանքը։

«Ֆրանսան կարեւորագոյն գործընկեր է թէ՛ երկկողմանի եւ թէ՛ բազմակողմանի մակարդակներով», – ըսած է Սերժ Սարգսեանը,  նաեւ յիշեցնելով անցած նոյեմբերին Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ համաձայնագրի ստորագրումը, որ նոր հեռանկարներ կը բանայ Հայաստանի առջեւ, մասնաւորապէս նշելով վիզաներու ակնկալուող վերացումը Հայաստանի քաղաքացիներուն համար։

Ինչ կը վերաբերի Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովի Երեւանի մէջ հիւրընկալուելուն՝ նախագահը նշած է. – «Դա մինչ այժմ մեր կողմից տարիներ ի վեր տարուած դիւանագիտական գործունէութեան գագաթնակէտն է եւ խոշորագոյն իրադարձութիւն։ Դրա շնորհիւ մենք կը կարողանանք ներկայացնել Հայաստանը ողջ աշխարհին, աշխարհի պետութիւնների գրեթէ կէսը կառավարութիւնների եւ պետութիւնների մակարդակով ներկայ կը լինի Երեւանում»։ Սերժ Սարգսեանը աւելցուցած  է, որ այդ օրերուն հիմք պիտի դրուի ֆրանքոֆոն երկիրներու ձեռնարկատէրերու միջազգային ցանցի։

Անցնելով ֆրանսահայ լրագրողի միւս հարցին՝ Իրանի վերաբերեալ, նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսած է. – «Մեր յարաբերութիւնները Իրանի հետ ունեն կենսական նշանակութիւն։ Մեր քաղաքական երկխօսութիւնը կայուն է, փոխադարձ այցերն ու փոխանակութիւնները՝ կանոնաւոր»։

Հայաստանի նախագահը շեշտած է, որ «Թեհրանը միշտ չէզոք եւ հաւասարակշիռ վերաբերմունք ցուցաբերած է Ղարաբաղի հարցին, եւ հակառակ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կրօնական բնոյթ հաղորդելու Ատրպէյճանի ապարդիւն ջանքերին, մեր օրինակելի յարաբերութիւնները Իրանի հետ ապացուցում են, որ Հայաստանը յարգում է իր հարեւաններին եւ նրանց ինքնութիւնը»։

Ինչ կը վերաբերի Իրանի միջուկային ձգտումներուն, Հայաստանի նախագահը յիշեցուցած է այդ խնդրի վերաբերեալ 2015 թուականի յուլիսին կնքուած  համաձայնագիրը, որ, անոր համոզմամբ, կառուցողական է եւ կը տանի դէպի խաղաղութիւն։ Սերժ Սարգսեանը ուրախութեամբ նշած է, որ Ֆրանսան կը պաշտպանէ այդ համաձայնագիրը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment