Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Պահը Դեռ Հասունցած չէ. Արա Գոչունեան

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Պահը Դեռ Հասունցած չէ. Արա Գոչունեան

by MassisPost

Արձանագրութիւնները ուժի մէջ մնան, թէ ոչ, գործնականօրէն ոչ մէկ տարբերութիւն չկայ. լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ այսպէս ըսած է Պոլսոյ մէջ հրատարակուող «Ժամանակ» թերթի խմբագիր Արա Գոչունեանը, անդրադառնալով հայ-թուրքական յարաբերութիւններուն եւ ԵԽԽՎ-ի մէջ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին թուրք պատուիրակի կողմէ տրուած հարցին:

«Միւս կողմէն, բնականաբար, միջպետական իրաւունքի տեսակէտէն այդ փաստաթուղթի ուժի մէջ ըլլալը իր իմաստը ունի: Բայց Երեւանի նախաձեռնութիւնը կարելի չէ ստորադասել, եւ այդ հանգամանքը վերահաստատուեցաւ երէկ Սթրասպուրկի մէջ հանրապետութեան նախագահի շատ դիպուկ բանաձեւմամբ, որ աւելի մեծ ներուժ ունեցող երկիրները պէտք չէ ուժի դիրքերէ խօսին աւելի քիչ ներուժ ունեցողներու հետ»,- նշած է ան:

Արա Գոչունեանը նկատած է նաեւ, որ փաստը կը մնայ փաստ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման պահը դեռ հասունցած չէ:

«Այժմեան տուեալներով՝ այդ պահէն մենք հեռու ենք: Անոնք, որոնք կ’ուզեն այդ պահը տեսնել, հիմա դեռ պէտք է բաւարարուին բարեմաղթանքներով, որ վերջապէս այդ պահը հասուննայ, եւ մենք հասնինք բարիդրացիական, նորմալ, համագործակցական յարաբերութիւններու»,- նշած է ան:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment